«Արաբները Պէտք Է Միանան Ընդդէմ Շրջանին Մէջ Թուրքիոյ Եւ Իրանի Միջամտութիւններուն» Կ՛ըսէ Ամր Մուսա
02 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա երէկ «Արապիա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ կողմէ Լիպիոյ զէնքի մատակարարումը արգիլող ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն խախտումը կը կատարուի բացայայտ կերպով համաշխարհային անվտանգութեան պատասխանատուներու աչքերուն առջեւ` նշելով, որ այդ վտանգաւոր սպառնալիքը ո՛չ միայն Լիպիոյ ուղղուած է, այլ նաեւ Եգիպտոսի, Թունուզի, Ալճերիոյ, Չատի եւ Նիկերի:
Մուսա յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի հազարաւոր անդամներու իրենց զէնքերով Միջերկրական ծովուն ճամբով Լիպիա հասնիլը կը հաստատէ, որ Լիպիոյ մէջ թրքական միջամտութիւնը կազմակերպուած եւ սերտուած էր:
Արաբական լիկայի նախկին քարտուղարը շեշտեց, որ արաբական աշխարհը պէտք է տէր կանգնի իր պատասխանատուութեան, «ինքզինք ու իր պատմութիւնը յարգէ եւ միաւորուի ընդդէմ շրջանին մէջ թրքական ու իրանեան միջամտութիւններուն»:
aztagdaily.com/archives/476750