Սուրիոյ Հարցին Շուրջ Փութին-Էրտողան-Ռուհանի Տեսաժողով
02 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներուն միջեւ Սուրիոյ հարցին շուրջ տեսաժողովը, որուն ընթացքին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շեշտեց «առանց որեւէ օտար միջամտութեան» միջսուրիական երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:
«Ամերիկեան վարչակարգը «Սիզըր» պատժամիջոցները օրէնքի խորագիրին տակ միակողմանի արգելք կը հաստատէ Սուրիոյ վրայ», ըսաւ Ռուհանի` աւելցնելով. «Քաղաքական նպատակներով մարդասիրական օժանդակութիւններուն դէմ հաստատուած որեւէ արգելք պիտի վնասէ քաղաքական լուծման հոլովոյթին»:
«Կը վերահաստատենք Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ական, քայիտայական ահաբեկչութեան եւ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու մեր վճռակամութիւնը», յայտնեց Իրանի նախագահը` շեշտելով «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին զուգահեռ համահաւասար կերպով միացեալ ու անկախ Սուրիոյ գերիշխանութիւնը յարգելու» կարեւորութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներու վեհաժողովին ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող ահաբեկչական խմբաւորումներն են, որոնք կը սպառնան սուրիական կառավարութեան գերիշխանութեան եւ վարչակարգին»:
Փութին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է շարունակել լարուածութեան մեղմացման գօտիներուն մէջ զինադադարը յարգել:
«Սուրիացի ժողովուրդին դէմ հաստատուող պատժամիջոցները միայն անոր վրայ յաւելեալ ճնշումի պիտի առաջնորդեն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է մեր հասարակաց ջանքերով ձախողութեան մատնենք սադրանքները, որոնք կը սպառնան սուրիացի ժողովուրդին, անոր ուժին ու տնտեսութեան»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր արտասանած խօսքին մէջ մաղթեց, որ «կայունութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ վերականգնի մեր դրացի Սուրիոյ մէջ»` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ մեր առաջնահերթութիւնը անոր քաղաքական միութիւնը, հողերու գերիշխանութիւնն ու հանդարտութեան հաստատումն է` առ ի պատրաստութիւն տագնապի մնայուն լուծման»:
«Անգարա իր կարելին պիտի ընէ սուրիական հողերուն ամբողջականութիւնը պահպանելու համար: Թուրքիա կ՛ուզէ, որ Սուրիոյ մէջ կարելի եղածին չափ շուտ անվտանգութիւն եւ կարգ ու կանոն ըլլայ, եւ մեր կարելին պիտի ընենք պահպանելու համար սուրիական հողերուն ամբողջականութիւնը եւ տագնապին երկարատեւ լուծման հասնելու համար», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ թրքական ներկայութիւնը մարդոց կեանքերու պահպանման համար է», ըսաւ ան:
Տեսաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց շարունակելու աշխատանքը վերջ տալու ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ Քայիտայի առնչակից մնացեալ գոյացութիւններուն, ինչպէս նաեւ պայքարելու անջատողականներու ծրագիրներուն դէմ, որոնց նպատակը Սուրիոյ գերիշխանութիւնը ոտնահարելն է եւ դրացի երկիրներու ազգային ապահովութիւնը վտանգելը:
Միւս կողմէ, Իրանի կազի պետական ընկերութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ 31 մարտէն ի վեր թրքական հողերուն վրայ կազի խողովակաշարի պայթումին պատճառով արտածումը դադրեցնելէ ետք երէկ վերսկսած է արտածել դէպի Թուրքիա:
aztagdaily.com/archives/476751