Ակնարկ. Որոշ Եւ Անորոշ Հասցէներ — Յայտարարելով, Որ Իրենք Օսմանցի Սուլթաններու Թոռներն Են. Էրտողան. «Ռուսիա Սուրիական Վարչակարգին Կ՛օժանդակէ Ընդդէմ Սուրիացի Անզէն Ժողովուրդին»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

28 դեկտեմբեր 2015
Ակնարկ. Որոշ Եւ Անորոշ Հասցէներ

Թուրքիոյ նախագահին կոչը ուղղուած Միջին Արեւելքի երկիրներուն հասցէական է առաջին հայեացքով` տրուած ըլլալով, որ Էրտողանը կը նշէ այն երկիրները, ուր դէպքեր կը պատահին: Բայց հասցէական չէ կոչին պարունակած ամբաստանութեան բաժինը, որ պէտք է փորձել հասցէականացնել, մեկնաբանութեան կարգով:

Ուրեմն. Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչ ուղղած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող մահմետականներուն միաւորուելու ընդդէմ զիրենք բաժնել ուզողներուն:

Էրտողան նշած է, որ գոյութիւն ունի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ միջկրօնական հակամարտութիւններ հրահրելու ուղղուած դաւադրութիւն, հետեւաբար տարածաշրջանի երկիրները պէտք է միաւորուին ընդդէմ այդ դաւադրութեան:

«Աշխարհի մէջ նպատակադրուածութիւն կայ մեզ բաժնելու: Տեսէք, թէ ի՛նչ կը կատարուի Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ», նշած է ան:

Անդրադառնալով Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւններու առկայութեան` Էրտողան հաստատած է այդ հանգամանքը եւ աւելցուցած, որ միջկրօնական տարբերութիւնները պէտք չէ զիրենք թշնամիներ դարձնեն, այլ իսլամութիւնը պէտք է դառնայ իրենց համար իբրեւ կողմնորոշիչ:

Կոչը, պարզ է, ուղղուած է նախ եւ առաջ Իրաքին, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Լիբանանի:

Հիմա փորձենք յստակացնել, թէ որո՛նք են նախ` իսլամ բնակչութիւնը բաժնել ուզողները, միջկրօնական հակամարտութիւններ հրահրողները, իսլամական աշխարհին բաժանումով սպառնացողները: Նուրբ բաժինը կը վերաբերի Իրանին. ըստ թուրք նախագահին, այո՛, գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ, սակայն շիի-սիւննի երկուութիւնը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ երկիրները թշնամանան:

Թշնամանալու հնարաւորութիւնը հեռացնելու իր մօտեցումին շատ արագ հակասած է Էրտողան, երբ այս անգամ քննադատած է Իրանը` ըսելով, որ վերջինս «նեղ կրօնական համոզումներէ մեկնելով կ՛աջակցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին, որ Էրտողանի խօսքով` կ՛երկարաձգէ հակամարտութիւնը:

Աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուած սուրիական պատերազմին ամբողջ պատասխանատուութիւնը Իրանի ուսերուն բարդելու այս մարտավարութիւնը աւելի կը բացատրուի, երբ այս անգամ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու կը յայտնէ, որ իրենք մեծ ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի յաղթահարեն այս ժամանակաշրջանը: «Ժամանակը կու գայ, եւ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները նախկինին նման կ՛ըլլան»: Ըստ անոր, օդանաւի միջադէպին պատճառով պէտք չէ տուժեն երկու երկիրներու ժողովուրդները:

Պարզ ընթերցումը կ՛առաջնորդէ մտածելու, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը թրքական վարքագիծին համար պիտի նպաստէ սուրիական պատերազմին մէջ Իրանի պատասխանատուութիւնը բարձրացնելու եւ լարուածութիւնը պահելու:

Այդքան ալ պարզ չէ մեկնաբանութիւնը, որովհետեւ շատ խառն են ուղերձները: Իրանի հետ կապուած բաժինով Էրտողան նախ յայտարարած է, որ հակառակ կրօնական տարբերութիւններուն եւ քաղաքական տարակարծութիւններուն, թշնամանք պէտք չէ յառաջանայ Թեհրանի հետ եւ թէ իսլամական կրօնը պէտք է կողմնորոշիչ հանգամանք ունենայ գործընթացներուն վրայ:

Այստեղ արդէն կրօնական հանգամանքի գերակայութեամբ Միջին Արեւելքի իսլամ զանգուածները համախմբողի դերակատարութեան ստանձնման փորձն է, որ կը կատարէ Անգարան:

Մինչեւ հոս, սուր հակասութիւններով հանդերձ Մոսկուայի հետ լարուածութիւնը վերացնել Թեհրանը մեղադրելով եւ ապա կրօնը յառաջ քշել Թեհրանի հետ եւս հարցերը կարգաւորելու փորձ ընելով. եւ ամէնէն կարեւորը` տարածաշրջանի իսլամ զանգուածներուն վրայ հիմնական ազդեցութիւն ունեցողի դեր առաջադրելով:

Տակաւին չեն յստակացած իսլամ բնակչութիւնները հակամարտութիւններու առաջնորդող ուժերու ինքնութիւնները: Հասցէականութեան պակասը կրնայ զուտ մեկնաբանական ըլլալ, որովհետեւ ի տարբերութիւն կոչի հասցէատէրերուն, ամբաստանեալները չեն յստակացած:

Ընտրարշաւի ընթացքին եւ իր ընտրաճառերուն մէջ Էրտողան աւելի թափանցիկ եղած էր այս իմաստով: Ան խօսած էր Թուրքիոյ մասնատման վտանգին մասին եւ ամբաստանած արեւմտեան լրատուամիջոցներն ու քաղաքացիական շարժումները: Աւելի ուշ ուղղակի` քիւրտերը: Քրտական շարժման վերազարթօնքին առընթեր Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութեան մասին վերլուծումները բազմապատկուելու ընթացքին մէջ են: Արեւմտեան լրատուամիջոցները Արեւմուտք կ՛ենթադրեն` գերտէրութիւններով եւ անոնց ծրագիրներով: Եւ բոլորովին անտեսանելի չէ քիւրտերուն տրուած զօրակցութիւնը Արեւմուտքի կողմէ:

Ամբաստանութիւններու հասցէականութիւնը աւելի կը պարզուի հետագային: Մինչ այդ, Անգարան փորձած է ծխածածկոյթի տակ պահել իր ազդեցութեան տակ արդէն իսկ համախմբուածներուն մէկ կարեւոր միաւորը` ՏԱՀԵՇ-ի անունին տակ գործողները:

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «կարգ մը միջազգային ուժեր սուրիական արիւնարբու վարչակարգին կողքին կը կանգնին եւ կը սպաննեն սուրիացի անմեղ ժողովուրդը»` նշելով. «Ռուսիա սուրիացի անզէն ժողովուրդի սպանութեան մէջ կ՛օժանդակէ սուրիական մարդասպան վարչակարգին եւ Սուրիոյ համար ունի ապագայի ծրագիրներ»:

«Ռուսիա սուրիական վարչակարգին դաշնակիցն է, իսկ մեր դաշնակիցը սուրիացի բարեկամ ժողովուրդն է», ըսաւ ան եւ յայտարարեց, որ կը մերժէ «քառակողմ դաշինքը, որովհետեւ մենք չենք կրնար ըլլալ կողքին վարչակարգի մը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նման իր ժողովուրդը կը սպաննէ»:

«Ռուսիա Սուրիա եկաւ, որովհետեւ անձնական նպատակներ ունի, իսկ Իրան շրջանին մէջ յարանուանական խտրականութեան անընդունելի քաղաքականութիւն կը վարէ», ըսաւ ան:

Էրտողան յայտարարեց. «Մենք օսմանցի սուլթաններուն թոռներն ենք եւ անիրաւուածներուն ու ճնշուածներուն նկատմամբ վարմունքին մէջ եւ մեր կեցուածքներուն մէջ անոնց օրինակին կը հետեւինք»: Ան նշեց, որ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ տարբերութիւն գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ն ու ՔԱԿ-ը Ասատի վարչակարգէն աջակցութիւն կը ստանան, «եւ մեզի համար անոր (ՏԱՀԵՇ-ի, «Ա.») եւ ահաբեկչական ՔԱԿ խմբաւորման միջեւ տարբերութիւն չկայ»:

Էրտողան վաղը երկօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի հրաւէրին: Թրքական նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը նշեց, որ Էրտողան Սալման թագաւորին հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային հարցերը:

Մինչ այդ, սէուտական ապահովական ուժեր անցնող երկու շաբթուան ընթացքին ձերբակալած են ահաբեկչութեան մեղսակցութեամբ ամբաստանուած 75 անձեր, որոնց շարքին` 5 ղազախներ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ օդուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Վիքթոր Պոնտարեւ յայտարարեց. «Ես կ՛ուզեմ արժանապատուութեան զգացումով ըսել, որ օդաչուներս այնտեղ (Սուրիա, «Ա.») գտնուելու ընթացքին ոչ մէկ անգամ վրիպած են, ոչ մէկ անգամ հարուած հասցուցած են արգիլուած թիրախներու, այսպէս կոչուած «զգայուն տեղերուն», ինչպիսիք են դպրոցները, հիւանդանոցները, մզկիթներն ու այլ սրբավայրերը»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail