ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 1 Յուլիս 1913 Ռոտոսթոյի հայերուն դէմ թուրքերու գործադրած ազգային «մաքրագործում»ը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 1 Յուլիս 1913 Ռոտոսթոյի հայերուն դէմ թուրքերու գործադրած ազգային «մաքրագործում»ը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 1 Յուլիս 1913 Ռոտոսթոյի հայերուն դէմ թուրքերու գործադրած ազգային «մաքրագործում»ը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ: ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԷՐ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

1 Յուլիս 1913.
Ռոտոսթոյի հայերուն դէմ թուրքերու գործադրած ազգային «մաքրագործում»ը

01 ՅՈՒԼԻՍ 2020

Ն. Պէրպէրեան

Յուլիս 1ի այս օրը, 107 տարի առաջ, արեւելեան Թրակիոյ ծովեզերեայ Ռոտոսթօ քաղաքը հայոց արեամբ ներկուեցաւ։

Քաղաքը վերագրաւած թրքական զօրքերը կոտորեցին անզէն հայութիւնը եւ հրոյ ճարակ դարձուցին հայոց տուներն ու խանութները։

Մարմարա ծովու արեւմտեան ափին գտնուող՝ Ռոտոսթոն այսօր թրքաբնակ նաւահանգիստ քաղաք է, որ մաս կը կազմէ եւրոպական Թուրքիոյ եւ 1923էն ի վեր կը կոչուի Տեքիր Տաղ։

Բայց 107 տարի առաջ միայն սակաւաթիւ թուրքեր կ՚ապրէին Ռոտոսթոյի մէջ, որ առաւելաբար յունական եւ հայկական քաղաք էր։

Ռոտոսթօ յայտնագործուած էր հին ժամանակ՝ յոյն վաճառականներու եւ նաւաստիներու կողմէ, որոնք դարերու ընթացքին նախ յունական, ապա բիւզանդական քաղաքակրթութեան կարեւոր կեդրոնի վերածեցին զայն։

Նոյնքան հին ժամանակներէ կու գայ հայերու ներկայութիւնը Ռոտոսթոյի մէջ, որ ինչպէս հայոց առեւտուրի, այնպէս եւ հայկական մշակոյթի, ձեռարուեստի եւ գրականութեան ծանօթ կեդրոն եղած է։

Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Ռոտոսթոյի եւ անոր մերձակայ՝ նոյնպէս հայաբնակ Մալկարա գիւղաքաղաքին հայ բնակիչները, 1913ի Յուլիս 1էն սկսեալ, կոտորածի եւ աւերումի ու թալանի ենթարկուեցան թրքական զօրքերուն կողմէ։

*
* *

30 Յունիս 1913ին սկսաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը։
Հազիւ ամիս մը առաջ, 30 Մայիս 1913ին, վերջ գտած էր Պալքանեան առաջին պատերազմը, որ բռնկած էր 9 Հոկտեմբեր 1912ին՝ մէկ կողմէ պալքանեան չորս երկիրներու (Պուլկարիա, Յունաստան, Սերպիա, Չեռնոգորիա) դաշնադրութեան եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ միջեւ։

Պալքանեան առաջին պատերազմին Թուրքիա կրեց ծանրագոյն պարտութիւն եւ պարտաւորուեցաւ 30 Մայիս 1913ին ստորագրել Լոնտոնի հաշտութեան դաշնագիրը, որուն հիման վրայ կորսնցուց պալքանեան թերակղզիի իր տիրապետութեան ենթակայ բոլոր հողերը։

Պոլիսէն եւ արեւելեան Թրակիոյ փոքր մէկ բաժնէն զատ ոչինչ մնաց եւրոպական Թուրքիայէն։

Հայութիւնը եւս աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ Պալքանեան առաջին պատերազմին։ Անդրանիկի եւ Գարեգին Նժդեհի հրամանատարութեամբ՝ Դաշնակցութեան կազմած հայ կամաւորական գունդերը յանդուգն գործողութիւններ իրագործեցին թրքական զօրքերուն դէմ՝ հերոսի դափնեպսակին ու զինուորական կոչումներու արժանանալով պուլկար սպայակոյտին կողմէ։

Իսկ Պուլկարիան եղաւ գլխաւոր յաղթականը Պալքանեան առաջին պատերազմին՝ խլելով առիւծի բաժինը օսմանեան բռնատիրութենէն ազատագրուած հողերուն։

Բայց ոչ միայն Պուլկարիոյ պալքանեան դաշնակիցները՝ Յունաստանն ու Սերպիան դժգոհ մնացին, որ ազատագրուած հողերէն իրենց պատկանող բաժնին չկրցան տիրանալ, այլեւ՝ եւրոպական մեծ տէրութիւնները մտահոգուեցան, որ Ռուսաստանը միակողմանիօրէն շատ ընդարձակած էր իր ազդեցութեան գօտիները Պալքաններու մէջ։

Հետեւանքը եղաւ հրահրումը, 1913ի Յունիս 30ին, Պալքանեան երկրորդ պատերազմին՝ այս անգամ մէկ կողմէ Պուլկարիոյ եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ, Յունաստանի, Սերպիոյ, Չեռնոգորիայի եւ Ռումանիոյ միացեալ ճակատին միջեւ։

Թէեւ կարճ տեւեց եւ 10 Օգոստոս 1913ին աւարտեցաւ Պալքանեան երկրորդ պատերազմը, բայց «ցեղային մաքրագործում»ի առումով անհամեմատաբար ահաւոր եւ ծանրակշիռ եղաւ։

Յատկապէս Ռոտոսթոյի եւ Մալկարայի հայերը, որոնք ուղղակի մասնակցութիւն չէին ունեցած Պալքանեան առաջին պատերազմին, թիրախ դարձան թրքական վրէժխնդրութեան եւ ցեղասպանական մոլուցքին։

Անշուշտ շատ աւելի ծանր կորուստ ունեցան պուլկարները՝ թէ՛ զոհերու թիւի, թէ՛ քանդում-աւերումներու եւ թէ հողատարածքներու կորուստի իմաստով, բայց ի վերջոյ Պուլկարիան պատերազմող կողմ էր եւ իր կարգին, Պալքանեան առաջին պատերազմի ընթացքին, իր ազատագրած հողամասերուն վրայ կա՛մ կոտորած էր թուրք բնակչութիւնը, կա՛մ հարիւր-հազարով տեղահան ըրած էր թուրքերը։

Պալքանեան երկրորդ պատերազմը վերջ գտաւ Պուլկարիոյ պարտութեամբ եւ թրքական լուծէն ազատագրուած հողերու վերաբաշխումովը պալքանեան յաղթական երկիրներուն միջեւ։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 1 Յուլիս 1913 Ռոտոսթոյի հայերուն դէմ թուրքերու գործադրած ազգային «մաքրագործում»ը

*
* *

Թրքական պետութիւնը չարաշահեց Պալքանեան երկրորդ պատերազմով ներկայացած առիթը, որպէսզի ձեռնամուխ ըլլայ Օսմանեան Կայսրութեան սահմանային գօտիները ազգային փոքրասնութիւններէ «մաքրազտել»ու եւ «վնասազերծելու» իր փան-թուրքական ծրագրին գործադրութեան։

Օսմանեան Կայսրութեան հիւսիս-արեւմտեան՝ եւրոպական սահմանագօտիին ռազմագիտական կարեւոր դիրքերէն Ռոտոսթօ քաղաքը այդ հիման վրայ էր, որ թիրախ դարձաւ արիւնալի «մաքրագործումներ»ու…

Պատերազմէն ետք, Եւրոպական մեծ տէրութեանց միացեալ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ քննիչ յանձնախումբ մը, որ գործուած ոճիրները ցուցակագրեց եւ կարեւորութեամբ կանգ առաւ այն փաստին վրայ, թէ թրքական կանոնաւոր զօրքերու ձեռամբ, Ռոտոսթոյի մէջ, սպաննուեցան աւելի քան հազար հայեր, շուրջ 300 հայոց բնակարաններ ու 500է աւելի հայոց խանութներ կողոպտուեցան եւ հրոյ ճարակ դարձան։

Թրքական զօրքերու գործած հակահայ խժդժութիւնները յաւելեալ պատճառ մը եղան, որպէսզի եւրոպական դիւանագիտութեան օրակարգին վրայ դրուած Հայկական Բարենորոգումներու հարցը վերստին հրատապ բնոյթ ստանայ։

Ամիսներու վրայ երկարած բանակցութեանց արդիւնքով՝ Փետրուար 1914ին, եւրոպական մեծ տէրութիւնները յանգեցան այն համախոհութեան, որ Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան՝ հայկական նահանգներու բարեկարգումները իրագործելու համար հարկ է կիրարկել տեղական լայն կառավարման դրութիւն։

Որոշուեցաւ հաստատել հայկական կառավարման երկու շրջան՝ Կարին եւ Վան, նշանակելով եւրոպացի երկու կառավարիչներ, որոնք անմիջապէս ճամբայ ելան դէպի իրենց նստավայրերը, բայց անոնք դեռ տեղ չհասած՝ արդէն բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը եւ… ջուրը ինկաւ եւրոպական դիւանագիտութեան յապաղած այդ նախաձեռնութիւնը։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 1 Յուլիս 1913 Ռոտոսթոյի հայերուն դէմ թուրքերու գործադրած ազգային «մաքրագործում»ը

*
* *

Այսպէս, 107 տարի առաջ, Ռոտոսթոյի հայութեան դէմ իր ձեռնարկած սպանդով, թրքական պետութիւնը իր առաջին քայլը նետեց տարիներէ ի վեր իր մշակած «ազգային մաքրազտում»ի ցեղասպանական ծրագրին գործադրութեան ուղղութեամբ։

Օսմանեան Կայսրութեան արեւմտեան սահմանները ազգային փոքրամասնութիւններէ «մաքրագործելէ» ետք, թուրք պետական միտքը թափով լծուեցաւ նաեւ իր հարաւային եւ արեւելեան նահանգները ազգային փոքրամասնութիւններէ «վնասազերծելու գործին»։

Յատկապէս հայ ժողովուրդին նկատմամբ աննախընթաց տարողութիւն ունեցան ցեղասպանութեան ճամբով Հայկական Հարցէն մէկանգընդմիշտ «ձերբազատուելու» թուրք պետական հրէշային ծրագրին մշակումը եւ գործադրութիւնը։

Պատրուակելով, որ Պալքանեան Պատերազմէն ետք եւրոպական մեծ տէրութեանց կողմէ միասնաբար մշակուած Հայկական Բարենորոգումներու եւ բուն Հայաստանը տեղական ինքնակառավարումով օժտելու ծրագիրը կրնար աւելիով սեղմել թրքական պետութեան սահմանները, Իթթիհատական կառավարութիւնը սկսաւ պատրաստուիլ միջազգային քաղաքական այն նպաստաւոր պահուն, երբ ի վիճակի պիտի ըլլար արմատական «լուծում» մը տալու թրքական կայսերապետութեան փլուզման «վտանգ»ին…

Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումը թրքական պետութեան ընձեռեց այդ սպասուած առիթը։

Օգտուելով միջազգային լարուածութեան եւ իրարանցումի առիթէն՝ թրքական պետութիւնը ամբողջ ուժով նետուեցաւ Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, կայսերապետական իր սահմաններուն մնացորդը արմատապէս թրքացնելու եւ, այդ ճամբուն վրայ, Հայկական Հարցէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու հրէշային իր ծրագիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրութեան յանձնելով։

Ռոտոսթոյի մէջ Յուլիս 1913ի առաջին օրերուն գործուած հայերու սպանդը, այդ առումով, «փորձարկման քայլ»ի նշանակութիւն ունեցաւ թուրք ցեղասպան պետութեան ծրագրած ու պետականօրէն կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան մեծագոյն ՈՃԻՐԻՆ գործադրութեան համար։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail