Սուրբ Սոֆիայի Տաճարը Պէտք է Բաց Ըլլայ Բոլորի Համար. Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն Կոչ Յղած է Թուրքիոյ

Սուրբ Սոֆիայի Տաճարը Պէտք է Բաց Ըլլայ Բոլորի Համար. Ֆրանսայի ԱԳՆ

Սուրբ Սոֆիայի Տաճարը Պէտք է Բաց Ըլլայ Բոլորի Համար. Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն Կոչ Յղած է Թուրքիոյ

03 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Constantinople – Sainte-Sophie

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը, որ 6-րդ դարուն կառուցուած է իբրեւ քրիստոնէական տաճար, պէտք է բաց ըլլայ բոլորի համար: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Tert.am-էն, որ կը վկայակոչէ Reuters-ը:

«Հանդուրժողականութեան եւ բազմազանութեան խորհրդանիշ այս վայրը պէտք է բաց մնայ բոլորի համար»,- յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ գերագոյն դատարանը յայտարարած էր, որ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի տաճարին կարգավիճակը կրնայ փոխուիլ երկրի նախագահին հրամանագրով:

Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը օգնականները յանձնարարած էր Սուրբ Սոֆիայի տաճարը թանգարանէն մզկիթի կարգավիճակի վերափոխելու մասին բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն կատարել:

Constantinople – Sainte-Sophia – Russian Orthodox Church against attempts of changing the status of Hagia Sophia in Constantinople

yerakouyn.com/2020/07/03/սուրբ-սոֆիայի-տաճարը-պէտք-է-բաց-ըլլայ-բ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail