«Լիպիան Վերածուած Է Արաբական Աշխարհէն Դուրս Եղող Երկու Ուժերու Մրցակցութեան Դաշտի» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը
03 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի նշեց. «Լիպիան վերածուած է արաբական աշխարհէն դուրս եղող երկու ուժերու միջեւ մրցակցութեան դաշտի, ինչ որ Եւրոպային համար վատ է»:
«Հակառակ անոր որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի դաշնակից է, սակայն անոր նաւերը Լիպիոյ ծովափին մօտ գտնուող ֆրանսական նաւերուն նկատմամբ թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերեցին», ըսաւ Փարլի:
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, թէ իր երկիրը անհանգստացած է «Լիպիոյ մէջ ռուսական դերակատարութենէն»` նշելով.«Պէտք է այդ հարցով խօսիլ Մոսկուայի հետ»:
«Փարիզ չ՛անտեսեր Ռուսիոյ դերակատարութիւն Լիպիոյ տագնապին մէջ թէ անկէ դուրս», ըսաւ ան:
«Թուրքիա եւ Սուրիա միլիսներու հազարաւոր անդամներ բերին Սուրիայէն` Լիպիոյ մէջ կռուելու համար», յայտնեց Փարլի:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան չբացառեց ֆրանսական խորհրդարանի մէջ լսումներու ժամանակ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումը:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ ան նշած է, թէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները 13 յուլիսին հանդիպում պիտի ունենան` քննարկելու համար Թուրքիոյ հարցը, եւ կրնայ արծարծուիլ Անգարայի դէմ նոր պատժամիջոցները:
«Մեր խնդրանքով, 13 յուլիսին պիտի կայանայ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու բացառապէս Թուրքիոյ հարցով հանդիպում», ըսած է Լը Տրիան:
«Եւրոպական Միութիւնը արդէն պատժամիջոցներ հաստատած է Թուրքիոյ դէմ` Կիպրոսի տնտեսական գօտիին մէջ հորատման համար: Կրնան այլ պատժամիջոցներ ալ հաստատուիլ», աւելցուցած է ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:
aztagdaily.com/archives/476889