Աքսոյ. «Ապշած Ենք Ս. Սոֆիա Տաճարի Հարցով Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութենէն»

Աքսոյ. «Ապշած Ենք Ս. Սոֆիա Տաճարի Հարցով Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութենէն»

Ս. Սոֆիայի Հարցով Թուրքիոյ Գերագոյն Դատարանի Որոշումը` 15 Օրէն

03 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Constantinople – Sainte-Sophie

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ գրաւոր պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի` Ս. Սոֆիա տաճարը իբրեւ թանգարան պահելու կոչին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք ապշած ենք Ս. Սոֆիա տաճարին մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութենէն», նշած է Աքսոյ` ընդգծելով. «Թուրքիոյ մէջ քայլերու կը ձեռնարկուին կրօնի ազատութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ` երկրի բոլոր քաղաքացիներուն համար»:

«Մենք ժառանգած են այս տարածքի մշակութային արժէքները: Ս. Սոֆիա տաճարը, ինչպէս նաեւ այստեղի միւս մշակութային ժառանգութիւնները, կը գտնուին Թուրքիոյ տարածքին մէջ: Տաճարի կարգավիճակի որոշումը Թուրքիոյ ներքին հարց է: Ոեւէ անձ կրնայ իր կարծիքը յայտնել, սակայն չի կրնար մեր գերիշխանութեան վերաբերող հարցերուն մէջ կանոններ թելադրել», նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Նշենք, որ Փոմփէօ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղեն` Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարը պահելու իր ներկայ կարգավիճակին մէջ, այսինքն` իբրեւ թանգարան, եւ զայն մզկիթի չվերածելու:

Նշենք, որ Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանը երէկ աւարտեց Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու հարցին շուրջ իր նիստը: Վճիռը պիտի հրապարակուի 14 օրէն:

«Ս. Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթի Վերածելը Միլիոնաւոր Քրիստոնեաներ Պիտի Հանէ Իսլամներու Դէմ», Կ՛ըսէ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոսը անդրադարձած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու` Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու ծրագիրին եւ յայտարարած, որ այդ ծրագիրի իրագործումը միլիոնաւոր քրիստոնեաներ պիտի հանէ իսլամներու դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը:

«Ս. Սոֆիայի տաճարը համընդհանուր կերպով կրնայ պահպանուիլ միայն իբրեւ թանգարան: Զայն մզկիթի վերածելը միլիոնաւոր քրիստոնեաներ պիտի ստիպէ երես թեքել իսլամէն, այդ ծրագիրի իրականացումի միլիոնաւոր քրիստոնեաներ պիտի լարէ իսլամներու դէմ: Ս. Սոֆիայի տաճարը համաշխարհային ճարտարապետութեան կարեւորագոյն կոթողներէն է, անիկա իր 1500-ամեայ պատմութեամբ ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ եւ տարբեր մշակոյթներ կրող մարդիկ իր մօտ բերած է` իբրեւ թանգարան», ըսած է Տիեզերական պատրիարքը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլ թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր, որ յուլիսի առաջին շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան դատական լսումներ` Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու վերաբերեալ` աւելցնելով, որ դատարանի որոշումը պիտի կայացուի 15 օրուան ընթացքին:

«Բնականաբար, Այա Սոֆիան երազանք էր բոլորիս համար: Ասիկա փորձելու կարելիութիւնը շատ յուզիչ է: Աստուծոյ կամքով մենք պիտի տեսնենք Այա Սոֆիայի վերադարձը իր աղբիւրին», ըսած էր ան:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր օգնականներուն յանձնարարած էր Ս. Սոֆիայի տաճարը թանգարանէն մզկիթի կարգավիճակի վերափոխելու մասին բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն կատարել:

Տաճարը կառուցուած է 532-537 թուականներուն` Եուսթինիանոս կայսեր կողմէ, որ որոշած էր այս տաճարով յաւերժացնել Կոստանդնուպոլսոյ փառքը: 1453-ին, Բիւզանդական կայսրութեան անկումէն ետք, տաճարը վերածուած էր մզկիթի, իսկ 1935-ին, Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով, վերածուած էր թանգարանի: 1985-ին տաճարը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Constantinople – Sainte-Sophia – Russian Orthodox Church against attempts of changing the status of Hagia Sophia in Constantinople

aztagdaily.com/archives/476880

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail