«Թուրքիոյ Դէմ Ապահովութեան Խորհուրդին Բողոք Կրնանք Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
03 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Սահաֆ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Միակողմանի արարքները պիտի չամրապնդեն անվտանգութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ միացեալ պայքարի պիտի չյանգեցնեն: Իրաքի համար բաց են իր գերիշխանութեան ոտնահարման հակադարձելու ընտրանքները»:
«Այդ քայլին սկսանք դատապարտման հաղորդագրութեամբ, բողոքագիրով, Թուրքիոյ դեսպանն ու Իրանի դեսպանը (արտաքին գործոց նախարարութիւն) կանչելով, եւ այս քայլերով չենք բաւարարուի, այլ կրնանք Արաբական լիկայի ճամբով արաբական կարծիքի զօրաշարժման եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ճամբով իսլամական կարծիքի զօրաշարժման դիմել, եւ կրնանք ՄԱԿ-ին ու Ապահովութեան խորհուրդի բողոքի ներկայացման հասնիլ», յայտնեց Սահաֆ:
Ան շեշտեց, որ Իրաքի արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է շարք մը սկզբունքներու վրայ, որոնցմէ է յարաբերութիւնները բարի դրացնութեան վրայ հիմնելը, որեւէ երկրի ներքին գործերուն չմիջամտելը, ուստի բոլորը պէտք է Իրաքի հետ նոյն ձեւով վարուին:
«Կը մերժենք որեւէ միակողմանի արարք, որ մեր գերիշխանութիւնը կ՛ոտնահարէ», յայտարարեց Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
aztagdaily.com/archives/476881