ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Հաճընի Բռնագաղթի Սկիզբի Սարսափները` Ամերիկացի Միսիոնարուհիի Մը Վկայութեամբ
03 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹՈՒՆ – ԿԸ ՅԻՂԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ:– ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
1894-1896-ի ապտիւլհամիտեան եւ Կիլիկիոյ 1909-ի երիտթրքական ապրիլեան կոտորածներէն վերապրած որբերը Հաճընի ամերիկեան միսիոնարութեան որբանոցին մէջ խաղաղ կեանք մը կ՛անցընէին մինչեւ 1914-ի աշուն, երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը կը պայթի: Միսիոնարութեան որբանոցը կը գտնուէր Հաճըն քաղաքին վրայ տիրող բլուրներէն մէկուն վրայ: 1914-ի աշնան սկիզբը մինչեւ որբանոց կը հասնին տարաձայնութիւններ, թէ «Պատերա՜զմ է, պատերա՜զմ…», ինչ որ մահ կը նշանակէր: Հաճընի բնակչութիւնը հոգեխռով վիճակի կը մատնուի: Հաճընի մէջ ամերիկեան միսիոնարութեան անդամ վերապատուելի Տանիէլ Ս. Էպիի (1885-1981) տիկինը` միսիոնարուհի Պլանշ Ի. Ռեմինկթըն-Էպի (Blanche E. Remington-Eby, 1885-1925. անունը եւ միւս տուեալները գտանք բանասիրական պրպտումներէ ետք – Յ. Ի.), իր ականատեսի վկայութիւնները եւ յուշերը գրի առնելով, հետագային անգլերէնով հրատարակեց «Թուրք աւազակներու գութին ձգուած» խորագիրով գիրքը («At the Mercy of Turkish Brigands», The Bethel Publishing Company, New Carlisle, Ohio, U. S. A., 1922, 285 pages):
Այդ տակնուվրայ կացութեան մէջ տիկին Պլանշ Էպի կը մտորէ. «Թուրքերը երկա՜ր ատեն ի մտի ունէին հին հարց մը` Հայկական հարցը եւ կ՛ուզէին ձերբազատիլ հայերէն: Վերջապէս անոնք յանկարծ զգացին, թէ հայերը բնաջնջելու ոսկի առիթ մը ներկայացած է իրենց: Երբ երիտթուրքերը իշխանութեան գլուխ եկան, անտէր շուներ ազատօրէն կը թափառէին Կոստանդնուպոլսոյ թաղերուն մէջ: Երիտթուրքերը փորձեցին քաղաքակիրթ ու ժամանակին հետ քայլ պահող մարդիկ երեւալ եւ իրենք զիրենք Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւն կոչեցին: Օրուան կացութիւնը զանոնք շփոթեցուց, որովհետեւ այդ թշուառ, գայլանման արարածները պատիւ չէին բերեր իրենց գեղեցիկ «Ստոմպուլ»-ին: Պէտք է ճար մը գտնուէր: Այդ սոված շուները այլեւս պէտք չէ երեւային քաղաքին մէջ: Բան մը պէտք է ընէին, այո՛, բայց ի՞նչ…: Թուրքերը շուները չէին կրնար սպաննել: Սպաննելը «Ալլահ»-ին կամքին դէմ է: Սուրբ Քուրանը անոնց կը սորվեցնէր, թէ կեանք մը զուր տեղը պէտք չէ փճացնել: Հայ մը սպաննելը զուր տեղ սպաննել չէր նշանակեր անոնց համար… Սակայն շուն մը սպաննե՞լ…: Անկարելի՛ էր: Այդ` մեղք պիտի սեպուէր: Շուները սպաննելու պարագային` սպաննողները պիտի անիծուէին եւ անոնց զաւակներէն ոմանք մահանային: Ըստ թրքական մտածողութեան, սոսկալի բան մը կրնար պատահիլ` վստահաբար: Ուրիշ ելքի մը մասին պէտք էր մտածել: Վերջապէս, երիտթուրքերը ելքը գտան: Շուները հաւաքելով` Մարմարա ծովուն մէջ անապատային կղզի մը տարին նաւակներով եւ հոն ձգեցին: Թուրքերը շուներուն առջեւ միսի կտորներ նետեցին իբրեւ անոնց վերջին ճաշը: Անկէ ետք շուները սովահար սատկեցան: Հարցը լուծուած էր այլեւս» (էջ 15-16):
Թուրքերուն համար անլոյծ կը մնար հայերէն ձերբազատելու հարցը… Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Թալէաթ-Էնվեր-Ճեմալ եռեակը իր ժողովներուն մէջ միշտ կը խորհէր Հայկական հարցը ի նպաստ թուրքերուն լուծելու մասին: Այս եռեակէն առաջ սուլթան Ապտիւլ Համիտ կոտորածներով փորձեց վերջ դնել հայ ազգի գոյութեան, բայց ձախողեցաւ: Յաջողելու համար` եռեակը հրէշային եւ սատանայական գաղափար մը յղացաւ. ան մտաբերեց անապատային կղզիին վրայ Կ. Պոլսոյ անտէր շուներուն սովահար փճանալու նախադէպը եւ որոշեց հայերը բռնի գաղթի հանել դէպի հարաւային անապատները` ամբողջ ազգ մը հոն անօթի, ծարաւ, ախտահար եւ թշուառ վիճակի մատնելով փճացնելու համար: Երիտթուրքերը 1915-ին գիտակցեցան, թէ հայերը երկու հարիւր տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իրենց ճիրաններուն մէջ են եւ իրենց գութին ձգուած են (հայոց վրայ թրքական լուծը գրեթէ ինը դար տեւած էր – Յ. Ի.): Անոնք որդեգրած էին «Թուրքիան միայն թուրքերուն» նշանաբանը: Այս կը նշանակէր հայ ազգը բնաջնջել Օսմանեան պետութեան մէջ, որովհետեւ հայութիւնը ամբողջովին թուրքերու գութին ձգուած էր: «Քաղաքակիրթ» աշխարհը այդպէս որոշած էր: Համաշխարհային Ա. պատերազմին մասնակցող, դաշնակիցներու խմբաւորման անդամ Մեծն Բրիտանիան իսկ, Գերմանիոյ ու Աւստրօ-Հունգարիոյ կողքին, մեղսակցութեան իր բաժինը ունէր Հայոց ցեղասպանութեան մէջ, հակառակ անոր որ ան թուրքերուն դէմ պատերազմի մէջ էր: Այս մասին տեսնել դոկտ. Արտեմ Օհանջանեանի «Հայաստան 1915, Աւստրօ-հունգարական դիւանագիտական զեկուցագիրները կը հաստատեն Հայոց ցեղասպանութեան փաստը» խորագիրով անգլերէն գիրքին (Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide, «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ) 23-րդ գլուխը, էջ 282-294:
Հեղինակը` տիկին Պլանշ Էպի կ՛ըսէ, թէ թուրքերը չափազանց կ՛ատեն հայերը, որովհետեւ վերջիններս քաղաքակրթուած ժողովուրդ մըն են, մինչդեռ թուրքերը հեռու են գիր, գրականութիւն, մշակոյթ ըմբռնումներէն: Բացայայտ իրողութիւն է, թէ թուրքերը խաղաղ կեանքը չեն սիրեր եւ իրենց ժամանակը կ՛անցընեն վէճերով, արիւնախառն ու յետամնաց արարքներով, նախանձով, սպանութեամբ եւ անասնային կիրքեր գոհացնելով: Թուրքերը 14-րդ եւ 15-րդ դարերուն յարձակեցան խաղաղասէր ու քաղաքակիրթ բազմաթիւ ազգերու վրայ եւ քարուքանդ ըրին ամէն ինչ, շէն ու շէնշող բնակավայրերը կարճ ժամանակի ընթացքին անապատներու վերածուեցան, ինչպէս եղաւ Միջագետքի պարագան: Փոքր Ասիոյ քաղաքներն ու գիւղերը աւերուեցան, անոնց բնակիչները թշուառութեան մատնուեցան եւ թուրքին ստրուկ դարձան: «Այդ օրէն սկսաւ հայոց անվերջ մարտիրոսութիւնը», կ՛աւելցնէ տիկին Էպի:
1915-ի գարնան սփռուեցաւ թրքական կառավարութեան յայտարարութիւնը, թէ բոլոր հայերը դէպի ուրիշ վայրեր պիտի բռնի տեղահանուին: Որբանոցի միսիոնարուհիներէն մէկը դիւանը հաւաքուած ուսուցիչներուն եւ որբերէն ոմանց կը գուժէ այս հրամանը` աւելցնելով, որ տնօրէնութիւնը որոշած է փակել որբանոցը: Հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ ճակատագրի պիտի ենթարկուէին որբերն ու հայ պաշտօնեաները, որոնք բոլորն ալ թուրքի գութին ձգուած էին:
Միսիոնարուհի Պլանշ Էպի յուշագիրքին մէջ կ՛ըսէ. «Ոչ ոք կրնար մտածել ու յղանալ հայոց բռնագաղթի ու աքսորի գաղափարը, բացի թուրքէն…» (էջ 19): «Բռնագաղթի հրամանին յայտարարութիւնը ժողովուրդին առջեւ բարձրաձայն ընթերցուած էր», կ՛աւելցնէ ան: Մարմարա ծովու ափերէն մինչեւ Պարսկաստանի սահմանը հայերը պէտք է արմատախիլ ըլլային. իրենց տուներէն դուրս շպրտուելէ եւ ինչքերն ու ստացուածքները բռնագրաւուելէ կամ կողոպտուելէ յետոյ անոնք ընտանիքներով պիտի քշուէին դէպի Սուրիոյ անապատներն ու անոնցմէ ալ անդին: Այս որոշումը պիտի գործադրուէր երկու կամ երեք միլիոն հայութեան նկատմամբ, որոնք անօգնական, թշուառ ու յուսահատ վիճակի պիտի մատնուէին, կ՛ըսէ Էպի:
Հեղինակին` դէպքերը նկարագրելու եւ վերլուծելու ոճը մեր միտքերուն մէջ կ՛ամրապնդէ Հայոց ցեղասպանութեան կանխամտածուած բնոյթը: Ըստ Պլանշ Էպիի, թուրքերը հայոց համար ձգած էին շատ դժուար, գրեթէ անկարելի ելք մը մարմնապէս ողջ մնալու համար` իսլամութիւնն ընդունիլ: Մեծաթիւ հայերու համար այս ելքը անկարելի բան էր:
25.000 բնակչութիւն ունեցող Հաճընէն բռնագաղթը կը սկսի. քանի մը օրը անգամ մը հազարաւոր հայեր աքսորի ճամբան կը բռնեն: Տարագրեալներուն մէջ էին նաեւ որբերը: Աքսորականները առաջին օրն իսկ սաստիկ նեղութիւններ ու տառապանքներ կը կրէին: Հաճըն մնացած թուրքերուն համար կեանքը այլեւս նոյն հրապոյրը պիտի չունենար, աշխուժ եռուզեռին համն ու հոտը պիտի կորսուէին, թէեւ անոնց մեծ մասը ուրախ էր հայոց մեկնումին համար: Հեղինակը կը վկայէ. «Հայերը քաղաքներուն եւ գիւղերուն մտաւորականներն ու ճարպիկ առեւտրականներն էին: Քաղաքի պղնձագործներուն, ջուլհակներուն, կաշեգործներուն, կօշկակարներուն, երկաթագործներուն եւ առեւտրականներուն հայ ըլլալը թուրքերուն նախանձը կը գրգռէր: Զանոնք քաղաքէն դուրս քշելով, թուրքերը իրենք զիրենք անօգնական ու թշուառ վիճակի կը մատնէին» (էջ 26): Յաջորդ ձմեռ թուրքերէն շատեր առանց կօշիկի, առանց հագուստի պիտի մնային, կը յայտնէ հեղինակը:
Յուշագիրքի 27-30-րդ էջերուն վրայ` «Մահուան փորձութիւնը» վերնագրեալ գլուխին մէջ, հեղինակը կը նկարագրէ տարագրութեան ճամբուն վրայ թուրք ոստիկան-զինուորներու ձեռքով հաճընցի գաղթականներու տառապանքներն ու թշուառութիւնը: Այդ մասին ան տեղեկացած է աքսորականներու նամակներէն եւ թուրք պաշտօնեաներէն:
Այս հատուածին վերջաւորութեան Պլանշ Էպի հետեւեալը կը վկայէ հայոց կրած չարչարանքներուն ահաւորութեան մասին. «Պիտի չփորձեմ մանրամասնօրէն նկարագրել այն ահռելի վայրագութիւնները, զորս թուրք պահակ-զինուորներ գործադրեցին հայոց դէմ: Ընթերցողը պիտի չհասկնայ զանոնք: Յաճախ ըսուած է, թէ հայոց տառապանքներուն նկարագրութիւնը չափազանցուած է, սակայն մեզմէ անոնք, որոնք ներկայ էին Թուրքիոյ մէջ եւ ականատես վկաներ դարձան, լաւ գիտեն, թէ նկարագրուածները իրականութեան նոյնիսկ կէսը չեն կազմեր: Այդ նկարագրութիւնները կատարեալ ձեւով չեն կրնար հրատարակուիլ: Անոնք ա՛յնքան քստմնեցուցիչ են, որ եթէ տպագրուին` չեն կրնար կարդացուիլ» (էջ 30):
Երբ վերը յիշեցինք շուներուն կեանքը խնայելու` իսլամ թուրքերու կրօնական մօտեցումը, կ՛արժէ անդրադառնալ կարեւոր հարցի մը` թուրքերուն իբր թէ դաւանած իսլամ կրօնին: Իսլամութիւնը ընդունելէ ետք թուրքերը չեն հետեւած անոր ուսուցումներուն: Անոնք մտածած, խօսած եւ գործած են այնպէս, ինչպէս իրենց հաճոյ կը թուի կամ իսլամի այս կամ այն դրոյթը կը համընկնի իրենց շահերուն: Իրենց շահերէն մեկնելով, անոնք իրենց աչքին երեւցածին պէս կը դատեն մարդիկն ու հարցերը, երբեմն ալ` անգոյ բաները իրենց երեւակայութեան մէջ կը կենդանացնեն ու ըստ այնմ կը գործեն: Մէկ խօսքով` թուրքերը հիմնուած են սուտի ու խաբէութեան վրայ: Խորքին մէջ, իսլամ կրօնը անոնց համար գոյութիւն չունի ու միայն արտաքին շղարշ մըն է: Փոխարէնը, թուրք ղեկավարները աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր ծածկաբար որդեգրած են փանթրքութեան, թուրանականութեան եւ սիոնականութեան նման սատանայական նենգ գաղափարախօսութիւնները` իբրեւ միջոց իրենց սարսափի տարածման եւ բռնատիրական ու ծաւալապաշտական նպատակներու իրագործման: Թուրքիոյ ներկայիս վարած քաղաքականութիւնը ըսուածին լաւագոյն ապացոյցն է:
Պէյրութ
Aztagdaily.com/archives/476901