ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ – «Ազդակ»-ի 5-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. «Պատմագրութիւն (Հայոց Եւ Այլոց). Գիտութի՞ւն, Ինքնութի՞ւն, Մեթոտաբանութիւն» – Ա.
03 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԷՐ:
Հայոց Պատմութիւնը Պէտք Է Վերանայուի՝ Սրբագրելով Օտարին Կողմէ Կատարուած Բոլոր Խեղաթիւրումները
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
17 յունիս 2020-ին դոկտ. Արա Սանճեանի վերոնշեալ պատմագրութեան մասին հետաքրքրական ու այժմէական դասախօսութիւնը ունկնդրեցինք (1), (2): Շատ կարեւոր լսարան, քանի որ հայկական պատմագրութիւնը տագնապի մէջ է, եւ մնայուն կերպով խեղաթիւրումի զոհ կը դառնայ, նոյնի՛սկ հայ պատմաբաններու կողմէ`գիտակցաբար, կամ՝ ոչ: Պիտի անդրադառնամ լսարանէն բխած եւ անկէ դուրս Հայոց պատմութեան վերաբերող կարգ մը հրատապ հարցերուն՝ Հայկական ինքնութեան:
Ընդհանուր գիծերու մէջ, ան նշեց պատմագրութեան տեսակները, աւելցնելով, թէ՝ ժամանակագրութիւնը եւ զուտ ազգային-ազգայնական պատմութիւնը կարելի չէ պատմութիւն կոչել, քանի որ այդ պէտք է շաղկապուի նաեւ շրջանային աւելի ընդարձակ աշխարհագրութեան, եղելութիւններուն, պատահարներուն եւ դէպքերուն ու անոնց դրդապատճառներուն հետ, կազմելու համար ընդհանուր անաչառ պատկեր մը: Սակայն նշեց նաեւ, որ գրեթէ բոլոր ազգերը եւ պետութիւնները ունին ազգային պատմութիւն, որ կը դասաւանդուի դպրոցներուն մէջ: 19-րդ դարու կէսին էր, որ արդի պատմագրութեան ակադեմական գիտակարգը կ՛ընդունուի:
Հարցումի մը պատասխանելով՝ Սանճեան նպատակայարմար նկատեց Հայաստանի Պետական Համալսարանին մէջ նոր կաճառի մը ստեղծումը, որ կը գործակցի արտերկրի համալսարաններուն հետ, որպէսզի պատմական նոր ուսումնասիրութիւնները գործակցաբար քննարկուին եւ հանդէսի մը մէջ լոյս տեսնեն: Բաղդատելով այժմու հայկական համալսարանական դրութիւնը, որ տակաւին խորհրդային տարիներու օրինակով կը շարունակուի, իր պաշտօնավարած եւ ընդհանրապէս ամերիկեան համալսարաններու կաճառներուն հետ, ցաւ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ, լաւագոյն պատմաբանը վարիչ կը նշանակուի, եւ կը դառնայ գերագոյն իշխանութիւն, եւ ամէն մանրամասնութիւն իր որոշումին եւ ներդրումին կը կարօտի, մինչ, ամերիկեան համալսարաններուն մէջ՝ վարիչը մի՛այն տաղտկալի վարչական հարցերով կը զբաղի:
Սխալի օրինակ մը՝ «Քարընթ Արքէօլօճի»-ի օգոստոս 1986 համարին կողքին կ՛երեւի Վազգէն Ա. Վեհափառը, Անգլիոյ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսին հետ՝ անգլիական հնավայր մը այցելութեան ընթացքին: Սակայն նկարին բացատրութեան մէջ մեծ սխալ մը գործած են, այսպէս՝ «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (ղեկավարը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ արեւելեան ճիւղին, որ Միացեալ Թագաւորութիւն կ՛այցելէ)»…Ո՛չ միայն չէ նշուած առաջին քրիստոնեայ պետութեան՝ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Կաթողիկոսը ըլլալու հանգամանքը, այլեւ Հայոց եկեղեցին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէկ ճիւղը նկատած է…
Այստեղ իմ կողմէս պիտի աւելցնեմ, թէ այս, կամ՝ այժմու կաճառին պարտականութիւններէն մէկը պէտք ըլլայ հետեւիլ բոլոր հրապարակուող պատմագրական, հնագիտական եւ սովորական պարբերականներուն, եւ հարկ եղած պարագային ճշդում նամակներով կամ յօդուածներով ուղղել՝ սրբագրել անոնց մէջ տեղ գտած սխալները: ԻՍԿ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ Է ՈՒԻՔԻՓԵՏԻԱՅԻ ՊԱՏՄԱԳՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ, քանի որ ընդհանրապէս համացանցին մէջ նիւթի մը որոնումի առաջին արդիւնքը կու գայ Ուիքիփետիայէն, ուր ահաւոր սխալներու կը հանդիպինք: Ինչպէս նշեց դասախօսը, Ուիքիփետիան ունի շատ լաւ՝ աղբիւրները նշուած յօդուածներ, որոնցմէ ինք եւս կ՛օգտուի, սակայն պէտք է ստուգել, թէ յօդուածը մէկէ աւելի աղբիւրներէ օգտուա՞ծ է: Բոլո՛ր յօդուածները, որ «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»-էն առնուած են, այսինքն գրեթէ բոլո՛ր արեւելահայերէն յօդուածները պէտք է վերանայուին: Ահաւասիկ լայն ասպարէզ պատմութեան ուսանողներուն:
Հետաքրքրական էր եւ խիստ կարեւոր, իր տուած ա՛յն օրինակը, թէ՝ խորհրդային տարիներուն, համալսարանականի մը դէզին վաւերացումը հասած էր Խորհրդային Միութեան օրուան («ազատամիտ» որակուած*) ղեկավար Միխայիլ Կորպաչովի սեղանին, որպէս զի ինք տար անոր գնահատականը: Ուրեմն 70 տարիներ Հայոց պատմութիւնը ծայր աստիճան համայնավարացած եւ քաղաքականացած էր, գրաքննութեան ենթակայ, ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան վերաբերող շրջանը, այլ նաեւ ընդհանուր՝ սկիզբէն մինչեւ ներկան, ճզմելով ազգայինը, ինքնուրոյնը: Իրենց գաղափարաբանութեան ոչի՛նչ պէտք է հակասէր եւ մա՛նաւանդ ազգային հպարտութիւն պատճառող եղելութիւնները կը նսեմացուէին ու կը ջնջուէին:
Խորհրդային շրջանին, ամէն բնագաւառի դոյզն մանրամասնութիւն ծրագրուած էր եւ անհատական նախաձեռնութեան առիթ չէր տրուէր: ԱՄԷՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ՊԱՏՈՒԷՐՈՎ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԷՐ, ԱՅԼ ԽՕՍՔՈՎ՝ ԱՊՍՊՐԱՆՔՈՎ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՐ, ՆՈՅՆՊԷՍ՝ ՊԱՏՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ: ԴԺԲԱԽՏԱԲԱՐ, ԱՅՍ ՆՈՅՆ ԳՈՐԾԵԼԱՈՃԸ ՑԱՐԴ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ: Իսկ ան, որ կը համարձակէր ազատ աշխատիլ, եթէ Սիպերիա չաքսորուէր, անոր հրատարակած գիրքերը հրապարակաւ կ՛այրէին: Իրօք, գիտնական Սուրէն Այվազեանի (1933-2009) 1963-ին հրատարակած առաջին ընդարձակ մենագրութիւնը՝ «Հայկական սեպագրերի վերծանումը», որ կը փաստէր հնադարեան սեպագիր եւ մեհենագիրերուն հայերէն ըլլալը, ԳԻՐՔԻՆ ԳՐԵԹԷ ԲՈԼՈՐ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ ՀԱՒԱՔՈՒԵՑԱՆ ԵՒ ԱՅՐՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ԲԱԿԻՆ ՄԷՋ (3):
Կը յիշեմ, որ համալսարանական տարիներուս այս գիրքին մէկ փախցուած օրինակը հասած էր Պէյրութ եւ քանի մը օր քովս մնաց, որպէս զի Ամերիկեան համալսարանին մէջ մայքրոֆիլմ պատրաստող բարեկամս՝ Յակոբը նկարէ բոլոր գիրքը: Այս ծրագիրը չյաջողեցաւ եւ չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ եղաւ այս գիրքին ճակատագիրը:
Ընդհանուր առմամբ, ցարդ խորհրդային պորտալարը տակաւին անջատուած չէ շատ մը բնագաւառներու մէջ: Իմ եւ շատ մը սփիւռքահայերու նման, սիրողական (առանց նիւթական վարձատրութեան) գրողներ եւ ուսումնասիրողներ, գրեթէ ասպարէզ չունին Հայաստանի մէջ, եւ նոյնպէս՝ համակարգէն դուրս որեւէ ուսումնասիրութիւն նկատի չառնուիր: Նպատակս բնա՛ւ թերագնահատել չէ մեր բոլո՛ր պատմաբանները՝ այլ ուսումնասիրութիւններու արժեւորումը եւ դրութիւնը, ու ամենակարեւորը՝ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒԱԾ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԸ, ՈՐ ՊԷՏՔ ՉԷ՛ ԿԱՐՕՏԻ ՊԱՏՈՒԷՐԻ, այլ մնայուն պարտականութիւնը կաճառին:
Այս մթնոլորտին մէջ, պատմաբաններ, անհատներ եւ ուսանողներ դժբախտաբար չեն նախաձեռներ որեւէ աշխատանքի, քանի որ պատուիրուած չեն: Հաւանաբար իրաւունք ունին, եթէ պատուէրներէն կախեալ է իրենց ապրուստը: Միւս կողմէ, եթէ ոմանք փորձեն համակարգէն դուրս արտադրել՝ «քննադատութեան կամ ծիծաղի առարկայ կը դառնան, իբրեւ տգէտ կամ անփորձ՝ սկսնակներ» (4):
Այստեղ անհրաժեշտ կը գտնեմ մէջբերել պատմաբան եւ իրաւաբան Մհեր Յակոբեանին (5) «Հայ ժողովուրդի ռազմական պատմութեան ուսումնասիրման մեթոտական հիմնահարցեր. Հայ ժողովուրդի ռազմական տարեգիրք, գիրք առաջին Ք.Ա. 3000-1561» Երեւան, 2007 (6), 70 հատոր աշխատասիրութեան, որ Հայերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած աւելի քան 6,500 ճակատամարտերուն եւ ռազմական ընդհարումներուն, ինչպէս նաեւ պատմական Հայաստանի տարածքին առանց հայերու մասնակցութեան տեղի ունեցած ճակատամարտերուն մասին գրած է: Ստորեւ նախաբանին սկիզբը՝ արեւմտահայերէն.
«Կարելի է ըսել, որ հայ ժողովուրդը ծանօթ չէ իր իրական պատմութեանը: Սովետական շրջանին հրատարակուած հայ ժողովուրդի պատմութեան դասագիրքերը, մենագրութիւնները եւ այլ աշխատութիւնները հայոց պատմութեան վերաբերեալ, խիստ թիւր կարծիք ստեղծած են: Բանն այն է, որ վերջիններս քանի մը տեսանկիւնէ լիովին կ՛աղաւաղէին իրականութիւնը եւ կու տային խեղաթիւրուած պատկերացում հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ: Մասնաւորապէս.
1. Անոնք բոլորը գրուած էին այն ոգիով, որ հայ ժողովուրդը մշտապէս, ի սկզբանէ եղած է թոյլ, հալածուած ազգ, եւ մշտապէս կարիք ունեցած է, թերեւս այժմ ալ ունի «Մեծ եղբօր» հովանաւորութեան: Տառապելով այս իսկ ոճով պատմութիւնը ներկայացնելու մարմաջով՝ մեր մասնագէտները կա՛մ ընդհանրապէս ուշադրութիւն չեն դարձուցած Հայոց բանակի պատմութեանը, ռազմական տարեգրութեանը, կա՛մ ներկայացուցած են զայն խիստ աղքատիկ, ուշադրութիւն դարձնելով մի՛այն այնպիսի փաստերու վրայ, որոնք ուղղակի հնարաւոր չէին չտեսնել: Մնացած փաստերը, որոնք երբեմն ուղղակի կը զարմացնեն ռազմական գործողութիւններու նկարագրումին մանրամասնութեամբ, այս մասնագէտները թեթեւ ձեռքով դիւրութեամբ յայտարարեցին վիպական, որպէս ժողովրդական բանահիւսութեան նմոյշներ, ասքեր, վէպեր, մէկ խօսքով ամէն ինչ, բացի իրական ըլլալէ:
«Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի Փաւստոս Բիւզանդի, Յովհան Մամիկոնեանի, Շապուհ Բագրատունիի, մասամբ նաեւ Մովսէս Խորենացիի, Սեբեոսի, Մովսէս Կաղանկատուացիի եւ այլ աշխատութիւններուն: Բանը հասած է նոյնիսկ անոր, որ կասկածի տակ առնուած է համեմատաբար նոր ժամանակներուն վերաբերող Ստեփանոս Շահումեանի (1702-1782*) աշխատութեան զգալի մասը: Բայց նոյնիսկ այս բնաբանին վրայ ապշեցուցիչ է, որ այս աղբիւրներուն մէջ նշուած մի՛այն անյաջողութիւններն ու պարտութիւնները կ՛ընդունուին առանց կասկածի, իսկ յաջողութիւնները կը ժխտուին:
«Այսպէս. անառարկելի ճշմարտութիւն կը համարուի Յովհան Մամիկոնեանի բերած այն տեղեկութիւնը, որ երբ արաբները Տարօն մտան, պարտութեան մատնեցին Հայկական բանակին, սակայն չ՛ընդունուիր նոյն պատմիչին կողմէ նոյն աշխատութեան մէջ արձանագրուած Տարօնի Հայ-Պարսկական պատերազմին յաղթական դրուագներուն կամ Տրդատ Մեծի մղած ճակատամարտերուն իրական ըլլալը:
«Օրինակ՝ անտեսուած է ՔԱ երկրորդ հազարամեակին Հայկական բանակին մարտակառքերուն ունեցած մեծ նշանակութիւնը կամ այն փաստը, որ, ի տարբերութիւն բիւզանդական կամ խաչակիրներու բանակներուն, 7-12 դարերու հետեւակ նետաձիգները չէին կորսնցուցած իրենց մարտական նշանակութիւնը …»
Իմ կողմէս պիտի աւելցնեմ երեք երեւոյթ, առաջինը՝ նոյնն է մօտեցումը նաեւ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան պարագային, երկրորդ՝ Մհեր Յակոբեանի նշած «պատմաբաններուն» «աշխատասիրութիւնները» ողողած են այժմու համացանցը, եւ հայկական պատմական նիւթերուն (հայերէն կամ անգլերէն) մեծամասնութիւնը առանց սրբագրուելու «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»-էն ընդօրինակուած են:
Երրորդը՝ կարգ մը Լիբանանահայ վարժարաններուն գործածած դասագիրքերուն մէջ, կամ՝ ուսուցիչներուն մօտ նմանօրինակ մօտեցում մը կայ, ուր մեր պատմութեան կարգ մը հերոսներուն եւ հերոսական սխրագործութիւններուն «առասպել» պիտակ կը տրուի եւ կամ՝ արդէ՛ն դասագիրքին մէջ տեղ չեն գտած անոնք եւ միամտօրէն «անաչառ պատմաբան»-ի դեր խաղալով՝ անկարեւոր կը նկատուին… Իրականութեան մէջ, սակայն, աշակերտները յա՛տկապէս հերոսներն ու անոնց սխրագործութիւնները կը յիշեն, եւ անո՛նց պատճառով «հայոց պատմութիւն» նիւթը կը սիրեն, կամ՝ ոչ… Առասպելը ամօթ չէ՛ եւ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ՍԵՐԱԾ է: Չկայ հին ժողովուրդ, որ առասպել չունենայ եւ առանց առասպելներուն ժողովուրդի մը պատմութիւնը ամբողջական չըլլար: Հնագէտ Յակոբ Սիմոնեան անհաւանական չի նկատեր, որ իր պեղած Վերին Նաւերի դամբարաններէն մէկը պատկանած ըլլայ Հայկ Նահապետին, տես «Ակունք»(7):
25 յունիս 2020
Շար. 1
(1) http://www.aztagdaily.com/archives/475492
(2) https://youtu.be/9Jh_ijRq69U
(3) http://www.aztagdaily.com/archives/475615
(4) https://top-news.am/?p=10621&l=am
(5) https://hy.wikipedia.org/wiki/Մհեր_Հակոբյան
(7) https://akunq.net/am/?p=30682
aztagdaily.com/archives/476310