Ռմբակոծում` Լիպիոյ Ռազմակայանին Վրայ. Սպաննուած Են Թուրք Բարձրաստիճան Զինուորականներ
06 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Լիպիոյ ազգային բանակէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ի յայտնեցին, թէ Լիպիոյ արեւմուտքը գտնուող Ուաթիա շրջանին մէջ տեղակայուած Օքպա պըն Նաֆէա օդուժի ռազմակայանը երէկ երեկոյեան ռմբակոծուած է շարք մը «անծանօթ օդանաւերու» կողմէ:
«Ախպար Լիպիա» կայքը մանրամասնեց, որ ռազմակայանին վրայ արձանագրուած ինը օդային հարուածներուն իբրեւ հետեւանք սպաննուած են վեց թուրք սպաներ եւ հրամանատար մը: Քանդուած են օդային պաշտպանութեան համակարգեր, որոնք 2 յուլիսին տեղակայուած էին Թուրքիոյ կողմէ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ Ուաթիա ռազմակայանին ռմբակոծման պատճառով քանդուած են օդային պաշտպանութեան համակարգեր:
Ըստ ոչ հաստատ տեղեկութեանց, սպաննուած է Թուրքիոյ բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Եաշար Կիւլերը:
Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Կը Մերժեն Լիպիոյ Մէջ Զինուորական Արտաքին Որեւէ Միջամտութիւն»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ուաշինկթըն Լիպիոյ մէջ զինուորական արտաքին որեւէ միջամտութիւն կը մերժէ»` աւելցնելով. «Հարկ է 5+5 միացեալ յանձնախումբի ճամբով Լիպիոյ մէջ զինադադար հաստատել, եւ բոլոր ուժերը պէտք է յարգեն ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած` Լիպիա զէնքի մատակարարման արգելքը»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ Լիպիոյ ժողովուրդը պէտք է քաղաքական երկխօսութեան ճամբով լուծէ երկրին տագնապը` աւելցնելով. «Քարիւղի արտածման սկսիլը կենսական քայլ է Լիպիոյ մէջ հակամարտութեան բարդացումը արգիլելու»:
aztagdaily.com/archives/477095