Եւրոպական Միութիւն. «Մտահոգ Ենք Թուրքիոյ Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Ոտնահարումներով»
06 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Եւրոպական Միութիւնը, խիստ ոճի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, իր մտահոգութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն նկատմամբ:
Եւրոպական Միութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ իրաւապաշտպաններու դատավարութիւնը կու գայ հաստատելու հիմնարար ազատութիւններու նահանջը` շեշտելով, որ հիմնարար իրաւունքներն ու օրէնքի յարգումը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն հիմնաքարն են:
Յիշեցնենք, որ թրքական դատարանը բանտարկութեան դատապարտած էր Թուրքիոյ մէջ Միջազգային ներում կազմակերպութեան նախկին պաշտօնատարներ` զանոնք ամբաստանելով ահաբեկչութեան առչնուած հարցերով:
Թուրքիոյ մէջ Միջազգային ներում կազմակերպութեան նախկին նախագահ Թաներ Քիլիշ ահաբեկչական խմբաւորման` Կիւլենի կազմակերպութեան անդամակցութեան ամբաստանութեամբ դատապարտուեցաւ երեք տարի եւ երեք ամիս բանտարկութեան: Կազմակերպութեան նախկին նախագահուհի Իտել Իսար ահաբեկչական կազմակերպութեան մը օժանդակելու ամբաստանութեամբ դատապարտուեցաւ երկու տարի եւ մէկ ամիս բանտարկութեան, իսկ եօթը ուրիշներ, որոնց շարքին գերմանացի մը եւ շուէտացի մը, անպարտ նկատուեցան:
aztagdaily.com/archives/477094