Սպիտակ Տան Խօսնակը Հայկական Յուշարձանին Պղծումին Անդրադառնալով՝ Գործածեց Հայոց Ցեղասպանութիւն Եզրը
07 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակ Քայլէյ ՄքԷնընիի՝ մամուլին հետ իր ամէնօրեայ հանդիպումներու ծիրին մէջ, այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարած ակնարկութեան անդրադառնալով՝ Ամերիկայի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ըսաւ. «Հաւանական է, որ այս իւրայատուկ հաստատումին ընդմէջէն ականատես կ՛ըլլանք Ամերիկայի ամբողջ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջին քայլերուն: Ասիկա յստակօրէն հետեւանքն է անցեալ տարի Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296 եւ Ծերակոյտին թիւ 150 բանաձեւերուն գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունման»:
Համբարեան նաեւ աւելցուց, որ անցեալ տարուան պատմական զոյգ բանաձերուն որդեգրումով՝ կարելի եղաւ առաւել եւս ամրապնդել Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւններուն համախոհական գետինը Քոնկրեսին եւ Ծերակոյտին մէջ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու 50էն 49 նահանգներուն մէջ: «Ասիկա ցոյց կու տայ որ Թուրքիա արժանի չէ եւ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ չի կրնար ունենալ վէթոյի որեւէ իրաւունք», եզրափակեց Համբարեան:
Տեղեկացնենք, որ վերջին շաբաթներուն, Միացեալ Նահանգներու տարածքին, պատմական յուշարձաններ պղծելու արարքներու երեւոյթին անդրադառնալով՝ Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակ Քայլէյ Մքէնընի այսօր ըսաւ.. «Ըստ երեւոյթին կայ պակասը հասկացողութեան եւ պատմութեան ճանաչողութեան, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որ կը յիշատակէ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներու զոհերը եւ գերիները՝ պղծումի կ՛ենթարկուի» (տեսնել՝ տեսերիզը):
Նշենք, որ անցնող շաբաթներուն, երկրին տարածքին տեղի ունեցած ցոյցերուն ըմթացքին, խուլիկաններ ներկերով պղծած էին Քոլորատոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը:
asbarez.com/arm/372575/Սպիտակ-Տան-Խօսնակը-Հայկական-Յուշարձա/