Մեր Պահանջն Է, Որ Արցախի Սահմանադրութեամբ Ամրագրուած Սահմանները Պահպանուին. Վ. Բալայեան

Վահրամ Բալայեան

Մեր Պահանջն Է, Որ Արցախի Սահմանադրութեամբ Ամրագրուած Սահմանները Պահպանուին. Վ. Բալայեան

07 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան

Արցախի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանի խօսքով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան իրենց ներկայացուցած է Ղարաբաղեան տագնապի բանակցային գործընթացին մէջ ներկայիս տեղի ունեցող զարգացումները: Ան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ` խօսելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւններուն մասին:

«Անոր խօսքով` բանակցային գործընթացին մէջ որեւէ գործնական գործընթաց չկայ, բանակցութիւններ չեն ընթանար: Հիմնականօրէն խօսած ենք մեր ընդհանուր մօտեցումներուն, մեր շահերը պաշտպանելու մասին: Խօսած ենք այն մասին, որ Արցախը պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղան, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակը պէտք է շարունակէ իր միջնորդական առաքելութիւնը իրականացնել, նաեւ խօսած ենք որոշ հարցերու մասին, որոնք մամուլով չեն ներկայացուած»,- ըսաւ ան:

Դիտարկումին, թէ բանակցութիւններու մասին յայտարարութիւնները իրերամերժ են, Հայաստանի իշխանութիւնները նախ կ՛ըսէին` չեն բանակցիր, սակայն յետոյ յայտարարեցին, թէ «ինչի շուրջ ուզեն, կը բանակցին», – կ՛ըսէին` բանակցային սեղանին առաջարկ չկայ, բայց յետոյ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը կը խօսէր կողմերուն առաջարկուած փուլային տարբերակի մասին, Վահրամ Բալայեանը պատասխանեց, որ Զոհրաբ Մնացականեան վստահեցուց իրենց` բանակցութիւններ չկան:

«Երկու հայկական հանրապետութիւններու իշխանութիւնները պէտք է համագործակցաբար աշխատին այս հարցին գծով: Այդ տեսանկիւնէ, ցանկալի պիտի ըլլար, որ նման հանդիպումներ յաճախակի ըլլան, եւ մենք ալ տեղեկացուած ըլլանք բանակցային գործընթացէն: Մենք շատ սահմանափակուած ենք, չենք ունենար հանդիպումներ թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին, թէ՛ շահագրգիռ այլ կողմերու հետ»,- ըսաւ Բալայեան:

Իսկ, թէ ի՞նչ կարծիք ունի ինք այն մտահոգութիւններուն վերաբերեալ, որ Արցախի նորընտիր իշխանութիւնները համակարգումի մէջ են Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ եւ անհրաժեշտութեան պարագային չեն հակադարձեր բանակցութիւններուն մասնակից Հայաստանի իշխանութիւններուն` Վահրամ Բալայեան պատասխանեց.

«Արցախի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր ուժերը իշխանութիւն չեն: Մեզի ալ ժողովուրդը իր քուէն տուած է, հետեւաբար ես չեմ կարծեր, թէ այն ուժերը, որոնք կան Ազգային ժողովին մէջ, յատկապէս, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը», հանգիստ կը նային, թէ ինչ կը կատարուի: Մենք միշտ կը պաշտպանենք մեր ժողովուրդն ու պետականութեան շահը: Միանշանակ է, որ մենք մեր ձայնը պիտի հնչեցնենք բոլոր պարագաներուն»,- ըսաւ ան:

Իսկ թէ իրենք, իբրեւ Արցախի ընդդիմութիւն, ի՛նչ կը պահանջեն բանակցային կողմ Հայաստանի իշխանութիւններէն, Վահրամ Բալայեան կարեւոր նկատեց, որ Արցախի շահը միշտ բարձրաձայնուի, որ Արցախի Սահմանադրութեամբ նախանշուած սահմանները պահպանուին եւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներու մասին անպայմանօրէն յիշատակուի:

yerakouyn.com/2020/07/07/մեր-պահանջն-է-որ-արցախի-սահմանադրութե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail