Հայաստանի Հետ Մեր Բարեկամական Կապերը Աւանդական Եղած Են. Յունաստանի ԱԳ Նախարարի Տեղակալ

Հայաստանի Հետ Մեր Բարեկամական Կապերը Աւանդական Եղած Են. Յունաստանի ԱԳ Նախարարի Տեղակալ

Հայաստանի Հետ Մեր Բարեկամական Կապերը Աւանդական Եղած Են. Յունաստանի ԱԳ Նախարարի Տեղակալ

08 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

­Յու­նաս­տա­նի խոհր­դա­րա­նի ­Պաշտ­պա­նու­թեան եւ Ար­տա­քին հար­ցե­րու մնա­յուն ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ գոր­ծըն­կե­րու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րի վա­ւե­րաց­ման վերաբերեալ, ըստ «Ազատ օր»-ի, յու­նա­կան մա­մու­լը լայն տեղ տրա­մադ­րած է ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տի ար­դիւնք­նե­րուն եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծած ­Հա­յաս­տա­նի սերտ գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ։

Ս­տո­րեւ՝ նիս­տին ըն­թաց­քին մաս­նակ­ցած խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­նե­րու ար­տա­սա­նած խօս­քե­րէն բա­ժին­ներ.

­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Միլ­թիա­տիս ­Վար­վի­ցիո­թիս շեշ­տած է.- «­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ու­շա­ցուց, ան­պատ­ճա­ռա­բա­նե­լիօ­րէն ու­շա­ցուց հա­մայ­ձա­նա­գի­րի վա­ւե­րա­ցու­մը։ ­Յու­նաս­տան նման հա­մա­ձայ­նա­գի­րե­րու վա­ւե­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ պէտք է ա­ռա­ջին­նե­րէն ե­ղած ըլ­լար, յատ­կա­պէս երբ ա­նոնք կապ ու­նին ­Հա­յաս­տա­նի նման եր­կի­րի մը հետ, ո­րուն հետ կը պա­հենք ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր, նոյ­նիսկ ե­թէ երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րա­կան կա­պե­րը տա­կա­ւին ցած մա­կար­դա­կի վրայ կը գտնո­ւին»։«­Նէա ­Տի­մոք­րա­թիա» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­թա­նա­սիոս ­Քա­վա­տաս նշեց .- «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հետ ներ­կայ հա­մա­ձայ­նա­գի­րի վա­ւե­րա­ցու­մը շատ մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ­Յու­նաս­տա­նի հա­մար։ ­Մեր եր­կի­րը մշտա­պէս զօ­րա­կից ե­ղած է Ե.Մ.-­Հա­յաս­տան կա­պե­րու ապ­րապնդ­ման, նկա­տի առ­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռաջ­նա­կարգ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։ ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րի նպա­տակն է զօ­րաց­նել տնտե­սա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը»։

«­Սի­րի­զա» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Նա­սոս Ա­թա­նա­սիու մատ­նան­շած է, որ ներ­կայ հա­մա­ձայ­նա­գի­րով ­Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս կը ստա­նայ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Աշ­խար­հագ­րա­կան ա­ռու­մով կ­՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ ար­տա­ծո­ւած ապ­րանք­նե­րը, կը պաշտ­պա­նէ աշ­խար­հագրա­կան տո­ւեալ­նե­րը։ Այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար շատ կա­րե­ւոր կը հա­մա­րո­ւի։ «­Յու­նաս­տան միշտ նե­ցուկ կը կանգ­նի Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդման», շեշ­տած է «­Քի­նի­մա Ա­լա­յիս» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Եոր­ղոս Ֆ­րա­կի­տիս։ Ան յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թեան եւ նշած, թէ այն ճա­նա­ցում ստա­ցած Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին կող­մէ։ ­Յու­նաս­տա­նի հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Տիա­ման­տօ ­Մա­նո­լա­քու քննա­դա­տած է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ, զայ­ն տես­նե­լով իբրեւ ­Ռու­սիոյ հետ առ­ճա­կա­տու­մի մը հե­տե­ւանք, ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րու սահ­ման­ման հա­մար։ «­Մենք ո­րե­ւէ հարց չու­նինք ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին հետ, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ մենք եր­կու հնա­դա­րեայ ժո­ղո­վուրդ­ներ ենք», նշած է ­Մա­նո­լա­քու։

­Վեր­ջա­պէս, «Է­լի­նի­քի ­Լի­սի» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­տո­նիս ­Մի­լո­նա­քիս եւ «­ՄէՐԱ25» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Սո­ֆիա ­Սա­քո­րա­ֆա շեշ­տած են, թէ ներ­կայ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը մեծ փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի յա­ռա­ջաց­նէ ­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան մէջ, ­Հա­յաս­տա­նը ա­ւե­լի մօտ բե­րե­լով եւ­րո­պա­կան չա­փա­նի­շե­րուն։ Այն եր­կիր մըն է, որ ու­նի հսկայ ներդ­րու­մա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ­Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։

«­Յու­նաս­տա­նի մէջ մենք ու­նինք շատ զօ­րա­ւոր եւ գոր­ծուն հայ­կա­կան հա­մայնք մը, որ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի իր շրջա­պա­տին մէջ։ Այ­սու­հան­դերձ, մեր ա­ռեւտ­րա­կան կա­պե­րը ­Հա­յաս­տա­նի հետ ա­նըն­դու­նե­լի կեր­պով ցած մա­կար­դա­կի վրայ կը գտնուին», նշած են ա­նոնք։

Հայաստանի Հետ Մեր Բարեկամական Կապերը Աւանդական Եղած Են. Յունաստանի ԱԳ Նախարարի Տեղակալ

yerakouyn.com/2020/07/08/հայաստանի-հետ-մեր-բարեկամական-կապերը/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail