Ամերիկեան Թերթեր Կ՛անդրադառնան Սպիտակ Տան Բանբերին Արտասանած Հայոց Ցեղասպանութեան Եզրին

Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակ Քայլէյ ՄքԷնընի

Ամերիկեան Թերթեր Կ՛անդրադառնան Սպիտակ Տան Բանբերին Արտասանած Հայոց Ցեղասպանութեան Եզրին

08 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Ամերիկեան կարգ մը լրատուամիջոցներ կայծակնային արագութեամբ անդրադարձան Սպիտակ տան բանբեր Քէյլի ՄքԷնենիի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարած ակնարկին: Այս մասին կը հաղորդէ
«Ազատութիւն»-ը։

«Սպիտակ տունը վերջապէս, հաւանաբար՝ ոչ դիտումնաւոր կերպով, յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- գրած է «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը՝ շարունակելով. «Վարչակազմը հիմա կրնայ պնդել, թէ բանբերը պարզապէս յուշարձանը կոչած իր անունով, բայց նոյնիսկ ատիկա արգիլուած էր Սպիտակ տան մէջ»:

«Պիզնըս Ինսայտըր» թերթը այս գծով յստակացում խնդրեց արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ հարց տալով, որ Սպիտակ տան բանբերին յայտարարութիւնը կը նշանակէ, թէ Թրամփի վարչակազմը կը ճանաչնա՞յ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախարարութիւնը առաջարկեց դիմել Սպիտակ տան բանբերին, որ տակաւին չէ արձագանգած թերթին հարցումին։ Թերթը այս գծով դիմեց նաեւ Թուրքիոյ դեսպանատան, սակայն տակաւին պատասխան չէ ստացած:

Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակ Քայլէյ ՄքԷնընի

yerakouyn.com/2020/07/08/ամերիկեան-թերթեր-կ՛անդրադառնան-սպիտ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail