«Հայրենիք»-ի խմբագրական – Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակում. Դիտմա՞մբ Թէ՞ Սխալմամբ…
08 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
«Հայրենիք»-ի խմբագրական
Մինէափոլիսի մէջ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք, գրեթէ ամէն օր իրերայաջորդ դէպքեր կը պատահին Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներու մէջ, մոռցնել տալով մերթ Պսակաձեւ ժահրին ստեղծած դաժան պայմանները եւ մերթ՝ տնտեսական հետզհետէ վտանգաւոր դարձող վիճակը:
Կարգ մը քաղաքներու մէջ, ցոյցերն ու խռովութիւնները թէեւ որոշ նահանջ արձանագրած են, սակայն ամենադոյզն առիթը դուռ կը բանայ նոր խռովութիւններու եւ անիշխանական խուլիկանութեանց:
Յուլիս 4-ին, Ա.Մ.Ն. անկախութեան օրուան նշումը բնականաբար առիթ մը եղաւ, որ կիրքերը վերստին սրին եւ դուռ բացին աննախընթաց զարգացոգմներու. զանազան շրջաններու մէջ տեղադրուած՝ ղեկավարներու յուշարձաններ թիրախ դարձան պղծումի, մինչեւ իսկ՝ քանդումի: Այս բոլորին ի տես, արտասովոր պայմաններու մէջ, երբեմն դժուար է «հունձքի ժամանակ ցորենը զանազանել որոմէն», կամ, աւելի ճիշդը՝ կացութիւնը այնքա՛ն պղտոր է, որ կարելի չէ քայլ պահել պատահարներու ետին կանգնած խմբաւորումներուն ու կազմակերպութիւններուն հետ:
Հարաւային Տաքոթայի Ռաշմոր լերան վրայ, բնութեան գիրկին մէջ չորս պատմակերտ նախագահներու հսկայ դիմաքանդակներէն մինչեւ երկրորդական՝ փոքր գիւղաքաղաքներու մէջ «կորսուած» արձաններ խափանման եւ վարկաբեկումի առարկայ դարձան:
Նոյն դաժան ճակատագրին ենթարկուեցաւ, Քոլորատօ նահանգի Տենվըր քաղաքի մէջ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան, քանի մը տարի առաջ կանգնած խաչքարը: Համեմատած այլ կոթողներու, այս յուշարձանը քարուքանդ չէ եղած, ոչ ալ փուլ բերուած է, այլ պարզապէս ներկերով եւ գրութիւններով խեղաթիւրուած է… Մայիս 29-30-ին: Հոս նշենք, որ նման արարքի ետին ո՛չ սեւերու պաշպաններ պէտք է փնտռել, ո՛չ ալ տարբեր դատեր պաշտպանողներ: Նման ստորագրութիւններ հայորդիին ծանօթ են վաղուց, եւ չեն կրնար թրքատիպ չըլլալ…:
Այս լուրը գրեթէ անցաւ աննկատ, կրնար նաեւ բոլորովին մոռցուիլ, մանաւանդ որ տեղւոյն քաղաքապետութեան պատկան մարմինները ամենայն բծախնդրութեամբ մաքրեցին յուշակոթողը: Եւ յանկարծ… յոյսի նշոյլ մը ճառագայթեց Սպիտակ Տունէն, որուն բանբերը՝ Քէյլի ՄըքԻնանի, 6 Յուլիսին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով, եւ Տենվըրի խաչքարի սրբապղծումը օրինակ բերելով, յայտնեց. «Կը թուի, թէ պատմական գիտելիքներու մասին տեղեկութեան սով կայ, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան եւ անմեղ զոհերու ի յիշատակ կանգնած յուշակոթողը թիրախ կը դառնայ աղաւաղման »:
Ուշադրութեան արժանի էր Սպիտակ Տան պաշտօնական բանբերին խօսքը: Արդեօք ան դիտմա՞մբ, թէ՞ սխալմամբ գործածեց Ցեղասպանութիւն բառը. փաստօրէն, Սպիտակ Տունը միշտ ալ «Հայոց Ջարդեր» բառերով կը նկարագրէ 1915-ի ոճիրները, հետեւողականօրէն խուսափելով «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութենէն: ՄըքԻնանի արդեօք ահաւոր կա՞ֆ մը ըրած էր՝ բառամթերքի բնագաւառին մէջ սայթաքելով, թէ՞ հասած է պահը, երբ ամերիկեան գործադիր իշխանութիւնն ալ պիտի որդեգրէ այն բառեամթերքը, որ քանի մը ամիս առաջ հաստատուեցաւ Ներկայացուցչական տան եւ Ծերակոյտին կողմէ, երբ գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունուեցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող զոյգ բանաձեւերը: Այլ խօսքով, ամերիկեան գործադիրը ի վերջոյ հասա՞ծ է այն համոզումին, թէ միանալով օրէնսդիր մարմինին՝ այլեւս պէտք է մէկդի դնէ Թուրքիոյ հաճոյանալու յետին հաշիւները եւ իր կարգին, պէտք է առանց բառերը ծամծմելու ըսէ, թէ հայութիւնը պատուհասող աղէտը ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ էր:
Պէտք չկայ դիմելու նախագահ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթընի լոյս ընծայած հաստափոր գիրքին, որուն մէջ էջեր տրամադրուած են Թրամփ-Էրտողան սերտ յարաբերութեան եւ գործակցութեան: Ուաշինկթըն-Անգարա «սիրաբանութեան» ծալքերը վաղուց ծանօթ են…
Պէտք չկայ նաեւ թութակելու Ատոլֆ Հիթլըրի ծանօթ «փիլիսոփայութիւնը», թէ՝ «Այսօր ո՞վ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Սակայն անվարան պէտք է ընդգծուի ՄըքԻնանիի եզրակացութիւնը՝ հայկական յուշակոթողին սրբապղծման առնչութեամբ, որ հետեւեալն է.
«Պատմութեան հանդէպ, մենք պէտք է ունենանք աւելի լաւ հասկացողութիւն»:
Հետեւաբար, արդար ակնկալութիւն մը պիտի ըլլայ, որ Սպիտակ Տունն ալ առանց երկմտանքի եւ յետին հաշիւներու՝ միանգամընդմիշտ որդեգրէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը:
yerakouyn.com/2020/07/08/հայոց-ցեղասպանութեան-յիշատակում-դիտ/