Ատրպէյճանի Մէջ Վերջին Ձերբակալութիւններուն Իսկական Թիրախը Մամետեարովն է
09 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Ա.Ա.
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պայթած գայթակղութիւնը երկրին կառավարման համակարգին ընդհանուր գործունէութեան եւ վարկին մասին լուրջ հարցադրումներու դուռ կը բանայ, մանաւանդ երբ խնդիրը կը վերաբերի արտաքին դիւանագիտութեան ղեկավարութեան շարքերուն մէջ համատարած փտածութեան եւ կաշառակերութեան մեծ թիւով պարագաներու։ Յստակ է, որ այս գայթակղութիւնը միջազգային ընտանիքին համար ցուցանիշ է, թէ Ատրպէյճանի պետութիւնը խորքային փտածութեան ամբողջական կառոյց մըն է։
Մինչ Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հրապարակեց 3 Յուլիսին արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ կատարուած խուզարկութիւններուն եւ ձերբակալութիւններուն գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները, քաղաքական շրջանակներ անմիջապէս յղումներ կատարելով՝ նախապէս կատարուած նոյն բնոյթի խուզարկութիւններու եւ ձերբակալութիւններու, կը յայտարարէին, որ վերջնական եւ կարեւորագոյն թիրախը շատ հաւանաբար արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովն է, որ անցեալ տարի «դիմացած» էր կառավարութեան կազմին փոփոխութեան՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ վերանշանակուելով։ Այս անգամ սակայն կը թուի, թէ Մամետիարովի ժամը հնչած է։
Պետական անվտանգութեան ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ,որ ուրբաթ, 3 Յուլիսին կատարուած գործողութեան ընթացքին ձերբակալուածներուն շարքին են արտաքին գործոց նախարարութեան տնտեսական բաժանմունքին ղեկավարները՝ ի մասնաւորի նախարարութեան գործերու կառավարիչ Ֆարհատ Մոլազատէ, նոյն կառոյցին տնտեսական բաժանմունքի ղեկավար Սալիմ Ալիզատէ, ինչպէս նաեւ՝ բարձրաստիճան պաշտօնատար Լամիէ Ճանէհմետովա, փոխ նախարար Նատիր Հիսէյնով եւ Եւրոպական Միութեան գծով վարչութեան պետ էլհան Ազատեւ։ Ձերբակալուած է նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական վարչութեան պատասխանատուներէն՝ Նուրփաշա Ապտիւլաեւ։
Ելեւմտական այս գայթակղութեան առանցքային դերակատարը Ֆարհատ Մոլազատէն է, որ 16 տարի առաջ՝ 2004-ին պաշտօնի կոչուած է՝ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի կողմէ։ Մոլազատէ կը համարուի Մամետիարովի մտերիմը եւ սերտ գործակիցը։ Նոյն վիճակին մէջ կը գտնուի նաեւ Սալիմ Ալիզատէ։ Մոլազատէ նաեւ մինչեւ իր ձերբակալութիւնը նաեւ կը գլխաւորէր նախարարութեան մրցութային յանձնախումբը, որ կ՛ընտրէ այն ընկերութիւնները, որոնք պէտք է տարբեր մարզերու մէջ ծառայութիւններ մատուցեն արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հիւպատոսներու եւ դեսպաններու բնակարաններու վարձակալութենէն մինչեւ գրասենեակներու մաքրութիւն եւ այլ աշխատանքներ։
Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ յստակօրէն կը նշուէր, որ Մոլազատէի գլխաւորած յաձնախումբին աշխատանքը ձեւական բնոյթ ունեցած է եւ թէ ընտրուած ընկերութիւններէն գանձուած մեծագումար կաշառքները կը փոխանցուէին Մոլազատէի եւ անոր հարազատներուն դրամատնային հաշիւներուն։
Գայթակղութեան մէկ բաժինն է նաեւ դարձեալ Մամետիարովի սերտ գործակից Նուրփաշա Ապտիւլաեւ, որ կը գտնուի օտար քաղաքացիներու Ատրպէյճան մուտքի վիզաներու վաճառման կասկածներու տակ։
Նման տարողութեամբ գայթակղութիւն, որ հարուածած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը վստահաբար պիտի ունենայ իր քաղաքական հետեւանքները, որոնց առաջին եւ կարեւորագոյն թիրախը կրնայ նոյնինքն Էլմար Մամետիարովը ըլլալ, որովհետեւ անոր անուան շուրջ ալ կան գայթակղութիւններ, որոնց կեդրոնական դերակատարը Մամետիարովի երեսուն ամեայ զաւակն է, որ ըստ հետաքննող լրագրող Ճիվանշիր Հասանլիի, Նիւ Եորքի մէջ չորս միլիոն տոլար արժողութեամբ առանձնատուն մը գնած է։
Ատրպէյճանի ներքին քաղաքական անցուդարձերը գորշ ամպերու կուտակման ազդանշաններ կը պարունակեն եւ տապալման եւ հեղինակազրկման ալիքները կրնան սրբել եւ տանիլ այս անգամ Մամետիարովը։ Այս իմաստով ալ նման «մաքրագործում» կը նշանակէ նաեւ եթէ ոչ հիմնովին, գէթ մօտեցումներու եւ ընկալումներու իմաստով փոփոխութիւններ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բանակցութիւններուն հոլովոյթին մէջ, հակառակ անոր որ Մամետիարովի փոխարէն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ նշանակուելիք անձը շատ հաւանաբար նախարարութեան անձնակազմէն մին, կամ նախագահի խորհրդական Հիքմէթ Հաճիեւը կրնայ ըլլալ։
Ամենայնդէպս՝ անակնկալներով լեցուն օրեր կրնան սպասել Ատրպէյճանի քաղաքական ընտրակազմին եւ անոնց շրջապատին։ Պէտք է սպասել, իմանալու համար այս ձերբակալութիւններուն իսկական թիրախին ինքնութիւնը։
yerakouyn.com/2020/07/09/ատրպէյճանի-մէջ-վերջին-ձերբակալութիւ/