Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ալիեւը Բանակցային Գործընթացին Մէջ Արդիւնքներու Բացակայութեան Իր Մեղքը Կը Փորձէ Բարդել Համանախագահներուն Վրայ»
09 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կը փորձէ բանակցային գործընթացին մէջ արդիւնքներու բացակայութեան համար իր մեղքը բարդել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն վրայ` անգործութեան կտրուկ մեղադրանքներ հնչեցնելով անոնց հասցէին: Այս հաստատումը կատարուեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արտակ Ներսիսեանի մեկնաբանութեան մէջ:
Արձագանգելով Ալիեւի հարցազրոյցին` ան նշած է, թէ, խոչընդոտելով բանակցային լիարժէք եռակողմանի ձեւաչափի վերականգնման, անընդհատ կասկածի տակ դնելով վէճերու խաղաղ լուծման սկզբունքը եւ սպառնալով ուժ կիրարկել, փորձելով խեղաթիւրել տագնապի էութիւնը, «սեփական երկրին մէջ խրախուսելով ցեղապաշտական եւ հակամարդկային հայեացքներն ու վարքագիծի բնորդը, ազրպէյճանական իշխանութիւնները կանխամտածուած ձեւով յաւելեալ խոչընդոտներ կը ստեղծեն Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին մէջ:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ ազրպէյճանական կողմին, որ միջազգային վէճերու բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծումը միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է, որ ամրագրուած է ՄԱԿ-ի կանոնագրութեամբ:
«Պաքուի բոլոր շահարկումներ, այն առնչութեամբ, որ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան 51-րդ յօդուածը իրեն իրաւունք կու տայ ուժ կիրարկել Ղարաբաղեան տագնապի ծիրին մէջ, մերժուած են միջազգային հանրութեան կողմէ ապրիլ 2016-ին, երբ Ազրպէյճանը լայնածաւալ յարձակումի սկսած էր Արցախի դէմ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրները` Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ֆրանսան, ինչպէս նաեւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր քարտուղարը, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը եւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը միակարծիք էին, որ պէտք է խստօրէն պահպանուին 1994-ի զինադադարի եւ անոր ամրապնդման մասին 1995-ի համաձայնագիրները:
Ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան շուրջ միջազգային հանրութեան միասնական դիրքորոշման խորապատկերին Ազրպէյճանի` նոր պատերազմ սանձազերծելու սպառնալիքները չեն կրնար այլ ձեւով գնահատուիլ, եթէ ոչ ինքզինք միջազգային հանրութեան եւ միջազգային իրաւունքի սահմաններէն դուրս հռչակելու փորձ», ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ:
aztagdaily.com/archives/477395