Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին
09 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 8 յուլիսին որոշում տուած է մերժել Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի 3 նախկին դատաւորներու եւ Սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Հրայր Թովմասեանի դիմումը Հայաստանի դէմ, որով անոնք, այլ հարցերու կողքին, պահանջած էին որպէս միջանկեալ միջոց կասեցնել Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու իրագործումը:
Դատարանը որոշած է մերժել հայցը` այն պատճառաբանութեամբ, որ անիկա դատարանի կանոնակարգի 39-րդ դրոյթի կիրարկման դաշտին մէջ չէ, քանի որ անիկա չ՛ենթադրեր լուրջ եւ անուղղելի վնասներու վտանգ` համաձայն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտին:
aztagdaily.com/archives/477383