Թուրքիոյ Մէջ Ռուսական «Էս-400» Համակարգերը Փորձարկուած Են Ամերիկեան Օդանաւերու Վրայ

Թուրքիոյ Մէջ Ռուսական «Էս-400» Համակարգերը Փորձարկուած Են Ամերիկեան Օդանաւերու Վրայ

09 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Թուրքիոյ մէջ ռուսական «Էս-400 Թրայըմֆ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու փորձարկում կատարուած է: Օդուժի «Միւրթետ» ռազմակայանին մէջ տեղակայուած ռուսական համակարգերը փորձարկուած են ամերիկեան «Էֆ-16» եւ «Էֆ-4» հալածիչներու վրայ:

«Ֆայթըր Ճէց Ուորլտ» պարբերականին համաձայն, հալածիչները նկատուած են «Միւրթետ»-ի անմիջական հարեւանութեամբ:

«Կը նախատեսուի, որ փորձարկումները կատարուին մինչեւ 26 նոյեմբեր», կը բացատրէ պարբերականը:

Թրքական ուժերը չեն մանրամասներ փորձարկման արդիւնքները

aztagdaily.com/archives/477399

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail