«Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Պատասխանէ Իսրայէլին` Իրանի Հիւլէական Կեդրոնին Մէջ Կազմակերպած Պայթումին Համար», Կ՛ըսէ Իրան

«Միջազգային Ընտանիքը Պէտք Է Պատասխանէ Իսրայէլին` Իրանի Հիւլէական Կեդրոնին Մէջ Կազմակերպած Պայթումին Համար», Կ՛ըսէ Իրան

09 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիէի իրանեան «Նաթանզ» հիւլէական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած է` քայլերու ձեռնարկելու ընդդէմ Իսրայէլի, որ կը մեղադրուի պայթումը կազմակերպելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կայքը:

«Իսրայէլի կողմէ օգտագործուող այս գործելաոճը վտանգաւոր է եւ կրնայ տարածուիլ աշխարհի որեւէ կէտի մէջ: Միջազգային ընտանիքը պէտք է արձագանգէ սիոնական վարչակարգի այդ գործողութիւններուն եւ սահմանափակէ զանոնք», ըսած է Ռապիէին:

Իրանի կառավարութեան բանբերի մեկնաբանութիւնները հնչած են, երբ 6 յուլիսին Իրանի իշխանութիւնները խոստովանած էին, որնոցներ արտադրող «Նաթանզ» հիւլէական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումը առկած չէ եղած: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանները առանց յղումներու նշած են, որ պայթումը ոչնչացուցած է տարրալուծարանը, ուր կ՛արտադրուէին ամէնէն արագ հնոցները` այդպիսով Իրանի հիւլէական ծրագիրը դանդաղեցնելով 1-2 տարիով:

«Նուր Նիուզ» լրատուականը, որ կը համարուի Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի լրատուամիջոցը, գրած է, որ Իրանի զգայուն կեդրոններուն մէջ խորհրդաւոր աղէտներու լոյսին տակ տեղի ունեցած այս պայթումը նմանութիւն ունեցած է երկրի անվտանգութեան հասցուած այլ հարուածներու հետ:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթերը այս շաբթուան սկիզբը մէջբերած էին միջինարեւելեան երկիրներու պաշտօնատարներու յայտարարութիւնները այն մասին, որ «Նաթանզ»-ի մէջ տեղի ունեցած պայթումը իսրայէլացի հետախոյզներու կողմէ տեղադրուած ռումբի հետեւանք եղած է:

Պաշտօնեաներէն մէկը նշած է, որ այս պայթումը ծրագրուած ահազանգ էր Իրանի համար եւ նպատակ ունէր զսպել Իրանի հիւլէական ձեռքբերումները, անիկա կատարուած է մարդոց կողմէ, որոնք խորապէս տեղեակ էին երկրի հիւլէական ծրագիրին:

«Ատոր համար լուրջ պատրաստութիւն եւ ժամանակ հարկաւոր է», նշած է պաշտօնատարը:

aztagdaily.com/archives/477402

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail