Hilda Tchoboian կը գրէ – Ֆրանսական քաղաքական կեանքին մէջ Թրքական ներխուժման նպատակները, ռազմավարութիւնը, տարողութիւնը, ոճը և հայութեան պատասխանը:
09 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Նախ ըսեմ որ Թուրք հասարակութիւնը քաղաքականացած հաւաքականութիւն է, մասնաւորաբար իր երկրի քաղաքական կեանքով հետաքրքրուած. մինչդեռ մեր համայնքներու անդամներուն մեծամասնութիւնը բացի հետզհետէ նօսրացող փոքրամասնութենէ մը, հեռու են քաղաքականութենէ, նոյնիսկ կը հպարտանան իրենց ապաքաղաքական կեցուածքներով*:
Մինչ այդ Թուրքիա կը կազմակերպէ իր սփիւռքը:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, 700 000 Թուրքեր կ’ապրին Ֆրանսայի մէջ, մեծ մասամբ 1970ականներն ի վեր հաստատուած, որոնց 320 000 ը Ֆրանսահպատակ են, հետեւաբար կրնան քուէարկել և ընտրուիլ:
Մօտ 10 տարիէ ի վեր, Էրտողան, Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ տեղաբնակ Թուրք երիտասարդութեան ուղղուած իր ելոյթներով, դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն տրուած հրահանգներով, մզկիթներուն և յարակից կազմակերպութիւններուն վրայ հակակշիռով, բացայայտ կերպով կը խրախուսէ Ֆրանսայի Թուրքերը քաղաքական շրջանակներու մէջ մտնելու, որպէսզի տեղական քաղաքականութեան վրայ ամրապնդուի թուրքիոյ ազդեցութիւնը: Էրտողանի սփիւռքը իր հակակշիռին տակ առնելու ծրագիրը միաժամանակ կրօնական եւ ազգայնական բնոյթ ունի, Թուրքիոյ մէջ ծայրայեղ աջ MHP կուսակցութեան հետ իր կնքած դաշնութիւնը արտացոլող:
2016ին նշանակուած Փարիզի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը՝ Իսմայէլ Հաքքի Մուսա, նախապէս, 2012էն ի վեր, Թրքական գաղտնի սպասարկութեան (ՄԻԹ- Ցեղասպանութիւնը գործադրող Յատուկ Կազմակերպութեան շարունակութիւնը հանդիսացող) փոխ-տնօրէնն էր: Իր գործունէութեան ծիրին մէջ կ’իյնան Թրքական համայնքը հակակշռել և քաղաքական գործօնի վերածելը:
Հարցազրոյցի մը ընթացքին կը հաստատէր որ մեծ հայրը նոյն՝ Յատուկ Կազմակերպութեան կարեւոր անդամներէն եղած է:
http://www.slate.fr/…/turquie-portrait-ismail-hakki-musa-am…
Ֆրանսայի մջ կը գործեն Թուրքիայէն գործուղուած Հանրային Դպրոցներուն մէջ Թրքերէն դասաւանդող 180 ուսուցիչներ, որոնք հետզհետէ զտուելով այսօր դարձած են ազգայնական և կրօնապաշտ Թուրք գործիչներ:
Աւելին՝ Էրտողանի իսլամ-պահպանողական գաղափարները կը տարածուին նաեւ մեծ քաղաքներու արուարձաններու բնակիչ, ծագումով Հիւսիսային Ափրիկեցի, ինքնութեան տագնապներու մէջ տուայտող արաբ երիտասարդութեան շարքերուն մէջ:
Ֆրանսուա Հոլլանտի նախագահութեան տարիներուն թափ առած այս հիմնական ներխուժման ծրագիրը այդ տարիներուն քաջալերուեցաւ Հոլլանտի իշխանութեան օրով, բայց Մաքրոնի վարչակազմը մօտ 2 տարիէ ի վեր կը գիտակցի Ֆրանսայի համար ստեղծուած վտանգին, կը դատապարտէ զայն, առանց սակայն շօշափելի արդիւնքներու յանգելու:
2017 ի Ֆր. խորհրդարանային ընտրութիւններուն իսլամական Յառաջդիմութիւն և Արդարութիւն կուսակցութիւնը մօտաւորապէս 50 թուրք և արաբ ծագումով թեկնածուներ ներկայացուց: Այս ցանկերուն ձախողելէն ետք, Թուրքիա մարտավարութիւնը փոխեց և իր թեկնածուները բաժնեց բոլոր կուսակցութիւններու ցանկերուն մէջ:
Ֆրանսայի մջ կը գործեն Թուրքիայէն գործուղուած Հանրային Դպրոցներուն մէջ Թրքերէն դասաւանդող 180 ուսուցիչներ, որոնք հետզհետէ զտուելով այսօր դարձած են ազգայնական և կրօնապաշտ Թուրք գործիչներ: Աւելին՝ Էրտողանի իսլամ-պահպանողական գաղափարները կը տարածուին նաեւ մեծ քաղաքներու արուարձաններու բնակիչ, ծագումով Հիւսիսային Ափրիկեցի, ինքնութեան տագնապներու մէջ տուայտող արաբ երիտասարդութեան շարքերուն մէջ:
Ֆրանսուա Հոլլանտի նախագահութեան տարիներուն թափ առած այս հիմնական ներխուժման ծրագիրը քաջալերուեցաւ Հոլլանտի իշխանութեան օրով, բայց Մաքրոնի վարչակազմը մօտ 2 տարիէ ի վեր կը գիտակցի Ֆրանսայի համար ստեղծուած վտանգին, կը դատապարտէ զայն, առանց սակայն շօշափելի արդիւնքներու յանգելու:
2017 ի Ֆր. խորհրդարանային ընտրութիւններուն իսլամական Յառաջդիմութիւն և Արդարութիւն կուսակցութիւնը մօտաւորապէս 50 թուրք և արաբ ծագումով թեկնածուներ ներկայացուց: Այս ցանկերուն ձախողելէն ետք, Թուրքիա մարտավարութիւնը փոխեց և իր թեկնածուները բաժնեց բոլոր կուսակցութիւններու ցանկերուն մէջ:
Hilda Tchoboian