Սահմանադրական իմ սահմանները – Մենք կը խաղանք անտառի մէջ երբ որ գայլը հոն չէ․․․

Պիթլիսի Ատիլճեւազ գաւառի պատմական եկեղեցւոյ սրբատաշ քարերը դարձեալ երեւան ելած են

Սահմանադրական իմ սահմանները – Մենք կը խաղանք անտառի մէջ երբ որ գայլը հոն չէ․․․

“Մենք կը խաղանք անտառի մէջ երբ որ գայլը հոն չէ․․․”

09 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Անտառի օրէնքներէ չակերտեալ քաղաքակրթութեան անցման ժամանակաշրջանին Ի յայտ եկաւ այնքան գեղեցիկ բառ մը որը պիտի սիրուէր եւ պաշտուէր անխտիր բոլորի կողմէ եւ այդ բառը «ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ»ն է

Ոմանք թագաւորութիւններ ուրիշներ հանրապետութիւն, ոմանք կայսրութիւն կամ տարբեր անուանումներով երկիրներ սկսան մէկը միւսի ետեւէն ստեղծել իրենց երկրի սահմանադրութիւնը, ոմանք նկատի առին իրենց ազգի բնորոշ տուեալներ, կենցաղային եւ մշակութային նաեւ կրօնական ու այդ հանգամանքներուն վրայ հիմնուելով ստեղծեցին համապատասխան սահմանադրութիւն բայց մեծամասնութիւնը չ՛ըրաւ այդպէս այլ ընդօրինակելով մէկ ուրիշ սահմանադրութիւն փոխեցին կէտադրութիւնները, փոխեցին անհասկնալի բառ մը աւելի անհասկնալիով եւ հրամցուցին երկրի ժողովուրդին որպէս Աստուածային մասունք եւ բնականաբար ընդունեցաւ այդ սահմանադրութիւնը ի հեճուկս ժողովուրդին եւ նաեւ ի հեճուկս սահմանադրութիւնը արտագրողներուն ․․․

Այսօր համարեայ գրուած բոլոր սահմանադրութիւնները կարծէք թէ դարձած են ցուցափեղկի մէջ դրուած նմոյշներու, անոնց գոյութիւնը կը սանձէ հասարակութեան եւ ազատ թռչելու թեւեր կուտայ զայն կիրառողներուն․․․

Հասարակ հասարակութեան կը մեղադրեն թէ չեն տիրապետէր սահմանադրութեան, չէն գիտեր իրենց իրաւունքները եւ իրենց պարտաւորութիւնները սակայն եկէք վայրկեանի մը համար ժողովրդային ասացուածքի նման ծուռ նստինք շիտակ խօսինք, այդ երբ՞ եղել է որ տարիներով ուսանած իրաւաբանները, դատախազները, դատաւորները եւ այդ ոլորտի մասնագէտները իրենք հասկցած ըլլան սահմանադրութիւնը, սահմանադրութիւնը իրենց համար Փարաճանովի «նռան գոյնն» է որ ամէն մէկը կը կարդայ իր հասկցած ձեւով եւ կը մեկնաբանէ այնպէս ինչպէս իրէն ձեռնտու է․․

Ի յարկէ առանց սահմանադրութեան չի կարելի միջավայր ստեղծել եւ այնքան ատեն երկիրները բաղկացած են տարբեր միջավայրերէ ապա սահմանադրութեան գոյութիւնը պարտադիր երեւոյթ է բայց ոչ մերօրեայ կարկտնուած մաշուած ապազգային եւ անհասկնալի սահմանադրութիւնները, այդքան ալ դժուար չէ ունենալ իտէալական սահմանադրութիւն եթէ իշխանաւորները ցանկութիւն ունենան ունենալու արդար ազատ եւ բարգաւաճ պետութիւն այլապէս այսօրուայ սահմանադրութեան առաջին տողը արդէն կարելի է մեկնաբանել այսպէս «մենք կը խաղանք անտառի մէջ երբ որ գայլը հոն չէ»

Սահմանադրական իմ սահմանները չանցնելով բարեւս տուի անցայ գնացի

Պիթլիսի Ատիլճեւազ գաւառի պատմական եկեղեցւոյ սրբատաշ քարերը դարձեալ երեւան ելած են
«Նեշընըլ Ճիոկրեֆիք»ը Կը Յանձնարարէ 2020ին Երեւան Այցելել-cascade-yerevan

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail