Այցելութիւն Երկիր Մը, Որ Պաշտօնապէս Գոյութիւն Չունի. CNN-ի Անդրադարձը՝ Արցախին

Այցելութիւն Երկիր Մը, Որ Պաշտօնապէս Գոյութիւն Չունի. CNN-ի Անդրադարձը՝ Արցախին

Այցելութիւն Երկիր Մը, Որ Պաշտօնապէս Գոյութիւն Չունի. CNN-ի Անդրադարձը՝ Արցախին

10 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – CNN։

Անոնք ունին իրենց կառավարութիւնները, անձնագիրները, քաղաքացիներուն եւ որոշ պարագաներու նոյնիսկ՝ արժոյթը: Բայց տարբեր բարդ պատճառներով աշխարհի շարք մը երկիրներ պաշտօնապէս գոյութիւն չունին, ուրիշներ նոյնիսկ քարտէսներէս դուրս են։ Այս մասին կը գրէ CNN։

Պրազիլցի գրող Կիլհերմէ Քանեւեր 2009-էն 2014 ճամբորդած է աշխարհի 16 չճանչցուած երկիրներ եւ իր տպաւորութիւններուն մասին պատմած է «Չճանչցուած Պետութիւններ. Ճանապարհորդութիւններ Դէպի Երկիրներ, Որոնք Գոյութիւն Չունին» գիրքին մէջ: Այդ երկիրներուն կարգին են Արցախը, Քոսովօն, Հիւսիսային Կիպրոսը, Աբխազիան, Հարաւային Օսէթիան, Մերձտնեսթրը եւ այլն։

Ըստ հեղինակին՝ հակառակ անոր որ երկրի սահմանումը կարելի է տարբեր կերպով տալ, սակայն իբրեւ այդպիսին համարուելու համար, միջազգային իրաւունքին համաձայն, տարածքը պէտք է ունենայ մնայուն բնակչութիւն, սահմանուած տարածք եւ սահմաններու վերահսկողութիւն, ինքնակառավարուելու ունակութիւն եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններ:

Յաղթահարման ենթակայ վերջնական խոչընդոտը ՄԱԿ-ի կողմէ իբրեւ պետութիւն ճանչցուիլն է, ինչ որ ունի շարք մը առաւելութիւններ, օրինակ՝ աւելի մեծ մատչելիութիւն տնտեսական ցանցերուն:

ՄԱԿի կողմէ չճանչցուած երկիրները պաշտօնապէս չեն ընդունուիր իբրեւ պետութիւններ, նոյնիսկ եթէ ճանչցուած ըլլան այլ պետութիւններու կողմէ, ուրեմն անոնք կրնան բախիլ բազմաթիւ հարցերու։

«Այս (չճանչցուած) երկիրներ ճամբորդութեան ընթացքին ամենէն աւելի հաճելի էր տեղացիներուն հետ իւրօրինակ կապերը»,- կը գրէ հեղինակը՝ աւելցնելով. «Անոնք կը բանան իրենց դռները եւ թոյլ կու տան մասնակցելու իրենց առօրեայ կեանքին։ Յատկապէս, եթէ անիկա վայր մըն է, ուր շատ զբօսաշրջիկներ չեն այցելեր, երբեմն տեղացիները կը հետաքրքրուին, թէ իրենց երկիրը ի՞նչպէս կ՛ընկալուի աշխարհի աչքերուն»։

Հարաւային Կովկասի մէջ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղը, որ յայտնի է իբրեւ Արցախի Հանրապետութիւն: Ինչպէս այլ վիճելի տարածքներ, Լեռնային Ղարաբաղը եւս կը գտնուի երկու պետութիւններու միջեւ երկարատեւ հակամարտութեան կիզակէտին: Այս պարագային, ըստ Քանեւերի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի։

«Դիւրին է այցելել Ստեփանակերտ (Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը) Հայաստանէն։ Անիկա շատ խաղաղ է: Քաղաքի գեղեցիկ ծաղկազարդ հրապարակներուն վրայ մարդիկ կը նստին եւ կը վայելեն զանազան խմիչքներ։ Բայց հակամարտութեան գիծը ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Երբեմն կողմերը հրաձգութիւններ կը փոխանակեն, այնպէս որ՝ լարուածութիւնը մեծ է: Տարածքին մէջ կան շարք մը գեղեցիկ եկեղեցիներ եւ վանքեր, ինչպիսին է, օրինակ, Գանձասարի վանքը։ Կան նաեւ գեղատեսիլ լեռներ եւ շատ վայրեր, ուր կրնաս անվտանգ այցելել», կը պատմէ Կիլհերմէ Քանեւեր։

Այցելութիւն Երկիր Մը, Որ Պաշտօնապէս Գոյութիւն Չունի. CNN-ի Անդրադարձը՝ Արցախին

yerakouyn.com/2020/07/10/այցելութիւն-երկիր-մը-որ-պաշտօնապէս-գո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail