«Արժէքներ Ոտնահարելու Եւ Միջազգային Սկզբունքներ Անտեսելու Թուրքիոյ Վարքագիծը Կը Շարունակուի» Արամ Ա. Կաթողիկոս
11 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Քիչ առաջ համացանցի ճամբով իմացանք, թէ թրքական դատարանը որոշած է Կոստանդնուպոլսոյ յունաց Այա Սոֆիա պատմական մայր տաճարը վերածել մզկիթի:
Արդարեւ, 537 թուականին կառուցուած այս տաճարը բիւզանդական ճարտարապետական արուեստի գագաթը կը նկատուի: Բիւզանդական կայսրութեան անկումով եւ Օսմանեան կայսրութեան գրաւումով` 1453-ին, տաճարը վերածուած էր մզկիթի եւ ապա` 1935-ին, թանգարանի:
Անցնող օրերուն եկեղեցիներու պետեր եւ ընդհանրապէս միջազգային շրջանակներ կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ` չդիմելու Այա Սոֆիան վերստին մզկիթի վերածելու քայլին եւ պահելու անոր ներկայ կարգավիճակը: Հայ թէ օտար մամլոյ ներկայացուցիչներ ուզեցին մեր տեսակէտը ունենալ այս մասին: Մենք չուզեցինք կարծիք յայտնել` նախատեսելով թրքական դատարանին տալիք որոշումին բնոյթը: Կ՛ուզենք հետեւեալ ընդգծումները կատարել.
Առաջին. Թուրքիան` իր նախագահին ներկայ նախաձեռնութեան ճամբով, հոգեւոր ու մշակութային արժէքներ ոտնահարելու, միջազգային օրէնքով ճշդուած սկզբունքներ անտեսելու եւ պատմութիւնը նենգափոխելու իր վարքագիծը փաստօրէն կը շարունակէ:
Երկրորդ. մեկնելով ներկայի եւ ապագայի իր ներքին թէ արտաքին շահերէն, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական նպատակներէն, Թուրքիան նոյնիսկ կ՛անտեսէ իր հին թէ նոր բարեկամներու թելադրութիւնը:
Երրորդ. Թուրքիա իր այս որոշումով գիտակցօրէն կը հարուածէ քրիստոնեայ-իսլամ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած համակեցութիւնը` տեղական, շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ, հակառակ այս գծով կատարուած զգուշացումներուն:
Չորրորդ. Թուրքիա իր ներկայ քայլով կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Արեւմուտքին եւ քրիստոնեայ համայնքներուն բացուելու իր ցոյց տուած նշանները կեղծ էին:
Հինգերորդ. ո՞ւր էին արեւմտեան աշխարհի ղեկավարները, քաղաքական թէ հոգեւոր, երբ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին պատկանող հազարաւոր եկեղեցիներ ախոռներու, սրճարաններու, մզկիթներու եւ այլ հանրային վայրերու վերածուեցան…:
Այո՛, ցեղասպանութիւնը ա՛յլապէս կը շարունակուի նո՛յն ցեղասպանին կողմէ` աշխարհի լռութեան դիմաց: Օսմանեան կայսրութեան այլամերժ գաղափարախօսութիւնը ա՛յլապէս կը թափանցէ ամէն տեղ` արաբական աշխարհէն սկսեալ մինչեւ արեւմտեան երկիրներ` աշխարհի լռութեան դիմաց:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ