Ժաաֆարի Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ողջմտութեամբ Գործելով Իրաքէն Հեռանալու

Իպրահիմ Ժաաֆարի

29 դեկտեմբեր 2015
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` «ընդառաջելու Արաբական լիկայի որոշումին եւ ողջմտութեամբ գործելով հեռանալու Իրաքէն»:

Ժաաֆարի անդրադարձաւ իսլամական զինուորական ուժի յառաջացման նախաձեռնութեան եւ ըսաւ, որ Իրաք կը ձգտի երկխօսութեան եւ դրական կերպով կ՛ընկալէ այդ նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ շրջանին համար ՏԱՀԵՇ «աւելի վտանգաւոր է, քան սուրիական վարչակազմը»:

Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Ռուսիոյ հետ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմի մարզին մէջ տեղեկութեանց փոխանակում եւ գործակցութիւն գոյութիւն ունի, սակայն ոչ դաշինք:

Ան նաեւ հերքեց, թէ Իրաքի մէջ գոյութիւն ունին իրանեան ուժեր կամ ճամբարներ, սակայն նշեց, որ ապահովական եւ տնտեսական մարզերու մէջ գործակցութեան նպատակով աշխարհի բոլոր երկիրներէն խորհրդականներ կը գտնուին Իրաք:

Ժաաֆարի շեշտեց, որ իր երկիրը ապահով ափ հասնելու համար հաշտութեան հարցը շրջանցելով մուտք գործած է Իրաքի ընկերութեան բաղադրիչ բոլոր մասերուն` սիւննիներուն, շիիներուն եւ քիւրտերուն միջեւ բաժնեկցութեան եւ գործակցութեան ոլորտ:

Իրաքի նախկին վարչապետ Նուրի Մալիքի երէկ յայտարարեց. «Իրաքի գերիշխանութիւնն ու ազգային կամքը կարմիր գիծեր են»` շեշտելով. «Որեւէ երկիրի, ըլլայ այդ Թուրքիան կամ որեւէ արտաքին կողմ, արտօնուած չէ միջամտել երկրին ներքին հարցերուն»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail