Նախագահ Արմէն Սարգսեան Այցելեց Արցախ. Նախագահ Սարգսեան. «Արցախ Իր Ապագային Վերաբերող Մէկ Ընտրութիւն Ունի` Հզօր Պետութիւն Ըլլալ Ու Մնալ»
11 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն տուած է Արցախ: Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահի հանդիպումը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ. այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն:
Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորած եւ յաջողութիւն մաղթած է Արայիկ Յարութիւնեանին` վստահութիւն յայտնելով, որ ան իր փորձառութեամբ ու գիտելիքներով յաջողութեամբ պիտի շարունակէ ծառայել հայրենիքին: «Կ՛ուզեմ ձեր միջոցով շնորհաւորել նաեւ Արցախի ամբողջ ժողովուրդը, որովհետեւ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարեցին ժողովրդավարական ձեւով», ըսած է նախագահը` աւելցնելով. «Շնորհակալութիւնս փոխանցեցէք նաեւ նախագահական ընտրութիւններու միւս մասնակիցներուն, որոնք անձնապէս չյաղթեցին, բայց յաղթեցին միասին` ցոյց տալով աշխարհին, որ Արցախը ոչ միայն ամուր ու հզօր, այլեւ ժողովրդավարական երկիր է, ինչպէս նաեւ` ազատ երկիր, ուր տեղի կ՛ունենան ազատ ընտրութիւններ: Անոնք պէտք է հպարտ ըլլան, քանի որ իրենց ներդրումը ունեցան այս գործընթացին մէջ: Կ՛ուզեմ ձեզի, ինչպէս նաեւ Արցախի բոլոր քաղաքացիներուն նախ եւ առաջ մաղթել առողջութիւն: Վստահ եմ, որ պիտի յաղթահարենք նաեւ այս դժուար վիճակը եւ երթանք յառաջ` ամրապնդելով ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ե՛ւ Արցախի Հանրապետութիւնը»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով` Արցախի նախագահը նշած է, որ նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներուն մեծ մասը ներկայ քաղաքական իշխանութեան մաս կը կազմէ եւ պատրաստակամ է ապահովել երկրի յառաջընթացն ու զարգացումը, իսկ անոնք, որոնք ներգրաւուած չեն, նոյնպէս կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը` յանուն Արցախի: Արայիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն` Արցախի զարգացման ուղղուած գործնական ծրագիրներուն աջակցելու համար. «Կ՛ուզեմ նշել, որ միասին պիտի յաջողինք ոչ միայն յաղթահարել իրավիճակը, այլ նաեւ մեր հայրենիքի զարգացման վերաբերող յառաջընթաց ապահովել»:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Արցախի Հանրապետութեան հզօրացման եւ զարգացման վերաբերող ընթացիկ եւ հեռանկարային շարք մը ծրագիրներու:
Նախագահներու առանձնազրոյցին յաջորդած է ընդլայնուած հանդիպումը, որուն մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Արցախի փոխգործակցութեան եւ Արցախի զարգացման ծրագիրներուն:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ նախագահ Արմէն Սարգսեան Արցախի մէջ ունեցած հանդիպումներէն ետք զրոյց ունեցած է լրագրողներու հետ:
Ան նշած է, որ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք առաջին անգամ է որ Արցախ կ՛այցելէ` հաստատելով, որ Ստեփանակերտի մէջ ունեցած հանդիպումները շատ օգտակար եղած են, իսկ քննարկումներու առանցքը միասնականութեան գաղափարը եղած է:
«Արցախը ընտրութիւններէն ետք միասնականութեան օրինակ ցոյց տուած է այն առումով, որ տարբեր քաղաքական ուժեր միաւորուած են նոյն կառավարութեան մէջ եւ պիտի ծառայեն իրենց հայրենիքին, մեր հայրենիքին` Արցախի Հանրապետութեան», ընդգծած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը:
Շարունակելով զրոյզը` ան տեղեկացուցած է, թէ հանդիպումներուն խօսած են նաեւ զարգացման տարբեր ուղղութիւններու մասին:
«Կը կարծեմ, թէ Արցախը ապագայի համար մէկ ընտրութիւն ունի, եւ այդ ընտրութիւնը հզօր պետութիւն ըլլալն ու մնալն է: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ուրիշ լուծում չունի, բացի հզօր Արցախէն, իսկ հզօր Արցախը, ունի չորս հիմնական սիւներ` արցախահայութեան հայրենասիրութիւնն ու կամքը, բանակը, տնտեսութիւնը եւ ժողովրդագրութիւնը:
Նշենք, որ նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:
aztagdaily.com/archives/477597