Ծոցի Արաբական Երկիրները Թուրքիոյ Դէմ Սեւ Քարոզչութեան Ծրագիրներ Կը Գործադրեն Կ՛ըսէ Քալըն

24 ԱՊՐԻԼ 2020 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

«Ծոցի Արաբական Երկիրները Թուրքիոյ Դէմ Սեւ Քարոզչութեան Ծրագիրներ Կը Գործադրեն» Կ՛ըսէ Քալըն

11 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց. «Թուրքիոյ դէմ կան սեւ քարոզչութեան ծրագիրներ, որոնք կը գործադրուին Ծոցի արաբական երկիրներուն կողմէ: Ծոցի երկիրներու այդ ծրագիրները արաբական հասարակութեան զօրակցութիւնը չեն վայելեր»:

«Այդ երկիրներու ղեկավարները պէտք է գիտակցին, թէ Թուրքիոյ դէմ այդ քայլերը իրականութեան մէջ իրենցմէ կը հեռացնեն իրենց ժողովուրդները», ըսաւ ան` նշելով. «Վերջերս միջազգային ազատական ճառերը «իսլամական շարժումներ», «իսլամական կուսակցութիւններ» եւ «Իսլամ եղբայրներ» եզրերը կ՛օգտագործեն իբրեւ սարսափեցման գործիք»:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան նախկին խորհրդատու Ճոն Պոլթընին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը «արմատական իսլամ» կոչելուն` Քալըն ըսաւ, որ պաշտօնազրկումէն առաջ յաճախ խօսած է Պոլթընի հետ, «սակայն նախապէս ինծի այսպիսի բան չըսաւ»:

«Անոր վերջին յայտարարութիւններուն պատճառը այն է, որ այդ խօսքերը արեւմտեան շրջանակներուն մէջ այլեւս շատ տարածուած են», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահին խորհրդականը: Ան նաեւ Արաբական Լիկային կոչ ուղղեց` փոխան Թուրքիոյ դէմ հաղորդագրութիւններ հրապարակելու, առաւել եւս հետաքրքրուելու Պաղեստինեան դատով:

Ան դատապարտեց Այսրյորդանանէն հողեր կցելու իսրայէլեան ծրագիրը` զայն նկատելով «բռնաբարման ու բռնագրաւման նոր քաղաքականութիւն»` աւելցնելով, որ կցման ծրագիրը անօրինական է եւ Անգարա զայն «կտրուկ կերպով» կը մերժէ:

«Իսրայէլեան կցման ու բռնագրաւման քաղաքականութիւնները պատճառ դարձան Պաղեստինեան դատի բարդացման: Այդ քաղաքականութիւնները վերջ տուին խաղաղութեան, երկու պետութիւններու հարցերու լուծման եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու ընկերային բարօրութեան հաստատման բոլոր նախաձեռնութիւններուն», ըսաւ Քալըն:

GÉNOCIDE DES ARMÉNIENS – Massacres hamidiens Erzurum – Dépouilles d’Arméniens au cimetière d’Erzeroum, 1895

aztagdaily.com/archives/477623

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail