29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
ԹԱՍՍ կը նշէ, թէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Ռուսիոյ տարածքին աշխատանքներու կատարման արգելքի տեսքով պատժամիջոցներու տակ կը յայտնուին ոչ միայն թրքական ընկերութիւնները, այլ նաեւ այն ագարակները, որոնք կը վերահսկուին Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կողմէ:
Փաստաթուղթը փոփոխութիւններ կը կատարէ Ռուսիոյ նախագահի` Թուրքիոյ դէմ յատուկ տնտեսական միջոցներու վերաբերեալ 28 նոյեմբերի հրամանագիրին մէջ:
Հրամանագիրի առաջին տարբերակին մէջ Ռուսիոյ տարածքին աշխատանքներու կատարման սահմանափակումները կը վերաբերէին միայն Թուրքիոյ Հանրապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող կազմակերպութիւններուն: Այժմ անոնց վրայ աւելցած են նաեւ այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը վերահսկուին Թուրքիոյ քաղաքացիներու կողմէ կամ երկրի իրաւասութեան տակ գտնուող ընկերութիւններու կողմէ:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com