«Իրան կը յարգէ Իսրայէլի մէջ դեսպանութիւն բանալու Հայաստանի որոշումը»
08/07/2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԻՐԱՆ
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի Հայաստանի հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին, անդրադառնալով Իսրայէլի մէջ դեսպանութիւն բանալու Հայաստանի որոշումին՝ ըսած է, որ Իրան կը յարգէ Հայաստանի որոշումները։
“Իսրայէլի նկատմամբ մեր երկրին դիրքորոշումը տարիներու ընթացքին ներկայացուած է. այն զգայուն վերաբերումը, որ մենք ունինք՝ կ՚աշխատինք, որ մեր հարեւաններուն հետ խնդիրներու պատճառ չդառնայ: Իսկ Իսրայէլ միշտ փորձած է մեր հարեւաններուն հետ մեր լաւագոյն յարաբերութիւնները փճացնել: Իրան կը յարգէ Հայաստանի որոշումը։ Մեր մտահոգութիւնները միշտ կ՚արտայայտենք պաշտօնատար անձերու հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին: Մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է՝ մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք մեր հարեւաններուն հետ եւ չենք ուզեր զանոնք փճացնել”,- ըսած է Իրանի դեսպանը:
2019 Սեպտեմբեր 19-ի նիստին Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած էր Իսրայէլի՝ Թել-Ավիվի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն ստեղծել:
Անդրադառնալով Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն՝ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրաբ Մնացականեան նշած էր, որ Հայաստան ունի իր շահերը, զորս պէտք է հետապնդէ, եւ Հայաստան երբեք քաղաքականութիւն չէ վարած մէկ գործընկերոջ հետ ի վնաս որեւէ այլ գործընկերոջ, եւ որեւէ մտադրութիւն ալ չունի վարելու։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն, Մնացականեան ընդգծած էր, որ երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութիւնը շատ աշխուժ է եւ ընդգրկուն, ինչպէս նաեւ կայ բաւական լայն օրակարգ։
norharatch.com/իրան-կը-յարգէ-իսրայէլի-մէջ-դեսպանութիւն-բանալու-հայաստանի որոշումը_063B6BA1598A47973D73B09C.html