28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Անցնող շաբաթներուն թէժ մարտեր մղելէ ետք իրաքեան ուժերը յաջողած են իրենց տիրապետութեան տակ առնել Ալ Րամատի նահանգի մեծագոյն հատուածները: Այս մասին յայտարարած է իրաքեան բանակի բարձրաստիճան բանբեր մը: Բանբերը ըսած է, որ Րամատիի կեդրոնական Ալ Անպար աւանի կառավարական շէնքին վերեւ բարձրացուած է Իրաքի դրօշակը: Բանբերը նաեւ ըսած է, իր բանակի զինուորական գործղողշութիւնները պիտի շարունակուին:
Նշենք, որ Րամատիէն առաջ իրաքեան բանակը Տահէշի լուծէն ազատագրած էր Պիժի շրջանը: Ալ Անպարը կը համարուի Տահէշի կարեւորագոյն կեդրոններէն մին:
http://www.arevelk.am