Րաֆֆի Տուտագլեան – ԱԴՐԲԵՋԱՆԸ ԼԱՒ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ ՉԷ – Նավթի գիներու անկում, տնտեսական ճգնաժամ, որոգման եւ ըմպելի ջուրի խնդիրներ, քաղաքական ներքին դաւեր ու հաշուեյարդարներ

ԵՐԵՒԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿ - ՀԱՅՍՏԱՆ

ԱԴՐԲԵՋԱՆԸ ԼԱՒ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ ՉԷ

13 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Ադրբեջան լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր: Նավթի գիներու անկում, տնտեսական ճգնաժամ, որոգման եւ ըմպելի ջուրի խնդիրներ, քաղաքական ներքին դաւեր ու հաշուեյարդարներ… Այս բոլորին կողքին, հակառակ Ալիեւի յոխորտանքներուն, Երեւանն ու Զանգեզուրը «ազատագրելու» բարբաջանքներուն՝ ոչ մէկ առաջընթաց արցախեան բանակցութիւններու ճակատին վրայ, ոչ մէկ փոփոխութիւն՝ status quo-ի մէջ: Աւելի՛ն, աւելի ուժեղ հայկական բանակ, Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան իսկ խոստովանութեամբ՝ աւելի արդիական սարքեր Արցախի հայկական դիրքերու ամբողջ երկայնքնին…

Ալիեւ դեր որքա՞ն կրնայ խաբել օրէ օր աւելի դժգոհ դարձող իր ժողովուրդին… պէտք է ուժ ցոյց տալ, պէտք է յաջողութեան պատրանք ստեղծել, հայերուն դաս մը տուած ըլլալու քարոզ կատարել: Պէտք է պարզապէս երես փրկել, ու հայկական ուժերու դէմ սադրանքներով՝ սահմանին վրայ պէտք է նոր փոթորիկ ստեղծել, որպէսզի ներքին դժգոհութեան ալիքը հայատեացութեամբ փոխարինուի եւ ուշադրութիւնը դարձեալ շեղուի դէպի առաջնագիծ:

Այս պայմաններուն տակ, միայն համարժէք ու խիստ պատասխանը կրնայ տեղը նստեցնել Ալիեւին ու իր քաղաքական ու ռազմական արկածախնդիր խորհրդատուներուն, որոնց մէջ, ի դէպ, շատ հաւանաբար կան նաեւ ոչ-ադրբեջանցիներ:

Եւ ինչպէս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը կ’ըսէ՝ հրամանատարութեան հրահանգուած է «դեռևս պահպանել զսպուածություն, իսկ հակառակորդի` ՀՀ սահմանների ուղղութեամբ սադրանքների պարագայում` արձագանքել ըստ անհրաժեշտութեան` ընդհուպ մինչև նոր բարենպաստ դիրքերի զբաղեցում»։

Այլ խօսքով, եթէ ադրբեջանական զինուած ուժերը համարձակին յարձակիլ կամ այլ սադրանքներ կատարել, հայկական բանակը «ստիպուած» պիտի գրաւէ նոր դիրքեր ու ցաւցնող պատասխան պիտի տայ անոնց……

ՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԵՒԱՆ

Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail