Անդրադարձ. Նախազգուշական Քայլ Մը««Իսրայէլեան եւ թրքական լրատուամիջոցներ վերջերս սկսան հաղորդել թուրք-իսրայէլեան յարաբերութեանց կարգաւորման համաձայնութեան մը գոյութեան մասին««

29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Իսրայէլեան եւ թրքական լրատուամիջոցներ վերջերս սկսան հաղորդել թուրք-իսրայէլեան յարաբերութեանց կարգաւորման համաձայնութեան մը գոյութեան մասին: Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի նախկին դեսպան, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Ալոն Լիել «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնեց. «Երկու երկիրներու պաշտօնատարները աւարտած են իրենց աշխատանքը: Այժմ հերթը քաղաքագէտներունն է»: Այլ խօսքով` համաձայնութիւնը գոյացած է, սակայն ատոր յայտարարումը կը սպասէ քաղաքական գետնի վրայ յարմար թայմինկին:

2010-ին, «Մաւի Մարմարա»-ի միջադէպին իբրեւ հետեւանք խզուած երկկողմանի յարաբերութիւններու վերականգնումը մօտալուտ է: Շուրջ վեց տարուան խզումէ ետք յարաբերութիւնները հիմա վերականգնելու քայլը ունի երկու դրդապատճառներ. առաջինը` 14 յուլիսին Վիեննայի մէջ գոյացած Իրան-Վեցեակ պատմական համաձայնութիւնն է: Թէ՛ Անգարա, թէ՛ Թել Աւիւ կը գիտակցին, որ գոյացած նշեալ համաձայնութեան մօտալուտ կիրարկումէն ետք, Թեհրանի շրջանային ազդեցութիւնը պիտի աճի, ուստի այդ «վտանգ»-ին դիմակայման համար անհրաժեշտ էր վերականգնել անցեալի համագործակցութիւնը: Ահա, թէ ինչու թուրք-իսրայէլեան համաձայնութեամբ նախատեսուած է նաեւ զինուորական համագործակցութեան վերականգնումը` 1990-ական թուականներու բարձր մակարդակով:

Բնականաբար, Թուրքիան այդ համագործակցութիւնը պիտի օգտագործէ նաեւ ընդդէմ ՔԱԿ-ի: Երկրորդ պատճառը` ռուս-թրքական լարուած յարաբերութիւններն են: Ռուսական բնական կազի մատակարարման ընդհատման կարելիութիւնը լրջօրէն կը մտահոգէ Անգարան, որ այս համաձայնութեամբ կու գայ ռուսականը փոխարինելու իսրայէլեանով: Նշեալ երկու դրդապատճառները ցոյց կու տան, որ համաձայնութիւնը նախազգուշական քայլ մըն է:

Հետաքրքրական է, որ ըստ իսրայէլեան եւ թրքական լրատուամիջոցներուն, Թուրքիա պահանջած է ստանձնել Կազայի կառավարումը, սակայն իսրայէլեան կողմը մերժած է այդ պահանջը, որ Անգարա 2014-ին Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին ընթացքին եւս ներկայացուցած էր: Թրքական այդ պահանջը Թուրքիոյ` «օսմանեան սուլթաններու թոռներէ» կազմուած ներկայ վարչակազմի նոր օսմանական ձգտումներուն համահունչ էր: Իսրայէլեան կողմը համաձայն գտնուած է Թուրքիոյ տրամադրել «անարգել մուտք» դէպի Կազա` փոխան թրքական երաշխիքներու, թէ զէնք-զինամթերքի մաքսանենգում տեղի պիտի չունենայ: Այս վերջին կէտը իր մէջ կը պարունակէ համաձայնութեան հետագայ խզման դրդապատճառի սաղմը, որովհետեւ Համաս պիտի չհրաժարի Իսրայէլի դէմ զինեալ պայքարէն: Թէեւ Անգարա համաձայնութեան ծիրին մէջ իր հողերէն պիտի վտարէ այդտեղ ապաստանած Համասի գործիչները, սակայն պաղեստինեան շարժումը դժգոհ չի կրնար ըլլալ գոյացած համաձայնութենէն, որովհետեւ Կազայի շրջափակման մեղմացումը աւելի կարեւոր է, քան քանի մը գործիչներու Թուրքիայէն այլուր տեղափոխումը: Աւելի՛ն, Իսրայէլի կողմէ Թուրքիոյ տրամադրուած է տնտեսական յաւելեալ խայծ մը. Համասի գաղափարակից կուսակցութեան մը կողմէ իշխուող Թուրքիան կրնայ Կազայի վերակառուցման մէջ ստանձնել յատուկ դերակատարութիւն մը:

Կը մնայ տեսնել, թէ Իսրայէլ-Թուրքիա առանցքի վերականգնումը ինչպիսի՛ անդրադարձ պիտի ունենայ թուրք-արաբական յարաբերութեանց վրայ: Արաբական ազգայնականութեան սրընթաց նահանջի եւ շրջանային շարք մը տագնապներու յառաջացուցած պառակտումին լոյսին տակ` համաարաբական առողջ հակազդեցութեան մը ակնկալումը կը թուի անտեղի ըլլալ:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail