ՀՀ ԶՈՒ Ստորաբաժանումները Կ՛ոչնչացնեն Տաւուշի Բնակավայրերը Հրետակոծած Ատրպէյճանական Յենակէտերը․ ՏԵՍԱՆԻՒԹ
13 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կ՛ոչնչացնեն Տաւուշի սահմանամերձ բնակավայրերը հրետակոծած ատրպէյճանական յենակէտերը:
Ինչպէս նախապէս տեղակացուցած էինք, Ատրպէյճան Յուլիս 13-էն կը ռմբակոծէ Տաւուշի մարզի սահմնամերձ բնակավայրերը:
Ատրպէյճանական զինուած ուժերը 82մմ տրամաչափի ականանետէ եօթ եւ 120մմ տրամաչափի ականանետէ 3 արկ արձակած են Չինարի բնակավայրի ուղղութեամբ: Յուլիս 14-ին հակառակորդը հարուածային Անօդաչու թռչող սարքով թիրխաւորած է Բերդ համայնքի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները:
yerakouyn.com/2020/07/14/հհ-զու-ստորաբաժանումները-կ՛ոչնչացնե/