Ազրպէյճանական Կողմը Կրկին Խախտեց Զինադադարը – հայկական զինուած ուժերը խոցած է քանի մը անօդաչու թռչող սարք, որոնց կարգին` Քամիքազ մը

Երկրորդ Օրն Ըլլալով` Ազրպէյճանական Կողմը Կրկին Խախտեց Զինադադարը – հայկական զինուած ուժերը խոցած է քանի մը անօդաչու թռչող սարք, որոնց կարգին` Քամիքազ մը

14 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

12 յուլիսին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ սկսած լարուած վիճակը շարունակուեցաւ 13 յուլիսին. թշնամին կրկին խախտեց զինադադարի դրութիւնը` կիրարկելով հրաձգային զինատեսակներ, ականանետեր, զրահապատներ եւ անօդաչու սարքեր: Հայկական կողմը տեղեկացուց, որ խոցած է ազրպէյճանական ԱԹՍ-ն: Նախնական տուեալներով, սարքը Thunder-B տեսակի անօդաչու է:

Ազգային ժողովի պաշտպանութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան խորհրդարանին մէջ իր ելոյթի ընթացքին յայտնեց, որ հայկական զինուած ուժերը խոցած է քանի մը անօդաչու թռչող սարք, որոնց կարգին` Քամիքազ մը:

Հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններու իբրեւ հետեւանք Հայաստանի զինուած ուժերու երեք զինուորներ եւ երկու ոստիկաններ վիրաւորուած են: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան` նշելով, որ թեթեւ բեկորային վնասուածքներ են, եւ անոնց կեանքը վտանգուած չէ:

«Լրագիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան յայտնեց, որ Տաւուշի մարզին մէջ կը քննարկուին քաղաքացիական պաշտպանութեան հարցերը: Ան նշեց, որ այցելած է Մովսէս գիւղ, զրուցած մարդոց հետ, համայնքապետերու եւ գիւղապետերու հետ պիտի քննարկեն քաղաքացիական պաշտպանութեան կապուած հարցեր, որպէսզի կացութեան սրման պարագային պատրաստ ըլլան իրենց պարտականութիւնները կատարելու եւ հասնելու բնակիչներուն:

Ըստ մարզպետին` բանակը կը վերահսկէ սահմանային իրավիճակին: «Պարբերաբար դիրքային փոխհրաձգութիւններ կան, յոյսով եմ, որ իրավիճակը աւելի չխորանայ», ըսաւ ան: Ան նշեց, որ մարզին մէջ խուճապ չկայ, բայց մարդիկ սթափ վիճակի մէջ են, ինչպէս միշտ:

aztagdaily.com/archives/477788

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail