ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Ատրպէյճան-Իսրայէլ Զինուորական Սերտ Գործակցութիւնը ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ
14 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
9 յունիս 2020-ին «Լուսաւոր Աւետիս» կայքէջը «Սլովաքիոյ մէջ գայթակղութիւն մը, որ կրնայ Կովկասի մէջ Եւրոմիութիւնը վարկաբեկել» խորագիրով, 6 յուլիս 2020-ին Էքաթերինա Փոլեվայայի ռուսական Ռեկնում լրատու գործակալութեան կողմէ հրապարակած յօդուածը անգլերէնի թարգմանած է (1), (2): Ստորեւ հայերէն թարգմանութիւնը եւ, Իսրայէլի կողմէ քանիցս գործադրած եւ փաստուած մեծ վտանգը Հայաստանին եւ Արցախին:
«Լուսարձակի տակ է Միրոսլաւ Լայչաք (3)
«Զուարճալի գայթակղութիւն մը, որ այժմ կը բացայայտուի Սլովաքիոյ մէջ՝ կը սպառնայ վարկաբեկել Եւրոպական դիւանակալութիւնը: Անցեալ օր, Աշոտ Գրիգորեանը (բնագէտ, առեւտրական, մարդասէր եւ հանրայայտ դէմք մը, որ 1993-էն ի վեր կը բնակի Սլովաքիոյ մէջ) դատախազին դիմում ներկայացուցած է: Ան այս մասին տեղական լրատուամիջոցներուն հաղորդեց: Ամփոփ կերպով՝ այդ խնդրանք մըն է, քննութիւն բանալու նախկին արտաքին գործոց նախարար, նախկին (2019-ի*) ԵԱՀԿ-ի (Եւրապայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) նախագահ եւ ՄԱԿ-ի 72-րդ Ընդհանուր Ժողովի նախագահ՝ Միրոսլաւ Լայչաքի հակաօրինական գործունէութեան:
«Ըստ Գրիգորեանի, իրականութեան մէջ, վերջինս կը կրէ Ատրպէյճանին զէնք մատակարարելու ամբողջական պատասխանատուութիւնը: Իրողութիւնը այն է, որ այս երկիրը Հայաստանի (եւ Արցախի*) հետ սառեցուած հակամարտութեան մէջ կը գտնուի, Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին շուրջ: Ուստի ԵԱՀԿ-ը սահմանափակած է զինամթերքի մատակարարումը հարաւային Կովկասի այս երկիրներուն: Իրականութեան մէջ՝ արգիլած է:
«Այսուհանդերձ, 2017-էն սկսեալ, կարգ մը երկիրներու լրատուամիջոցները բացայայտեցին, թէ՝ միջազգային համաձայնագիրներ խախտելով, Ատրպէյճանին Սլովաքիա արտադրուած խոշոր տրամաչափի զէնքի համակարգերու արգիլուած վաճառք կատարուած է: Տես օրինակ այստեղ (4): (Տես նաեւ՝ «Մաքսանենգութիւնը` Սպառազինման Ուղի Ազրպէյճանում», Միքայէլ Հաջեան, «Ազդակ» 30 յունիս 2018, (5)*):
«Օդանաւաբեռը բաղկացած էր 36 ժամանակակից Տանա Էմ-1 (Dana M-1 self-propelled howitzers) ինքնամուղ ռմբընկէցներէ եւ 30 Վէմբայր (Vampire RM-70) հրթիռ արձակողներէ (երկուքն ալ«Թաթրա» ռազմաբեռնակառքերու վրայ հաստատուած): Այս ահարկու համակարգերուն արտադրողը սլովաքիական «ԷմԷսԷմ» ընկերութիւնն է, որուն սեփականատէրն է Չեխ առեւտրական Եարոսլաւ Սթրնատը:
«Սլովաքիայէն բոլոր այս ռազմամթերքը Ատրպէյճանական «Սիլք Ուէյ»-ի (մետաքսի ուղի*) օդանաւով փոխադրուեցաւ, որուն սեփականատիրոջ ով ըլլալը կը փորձուի քօղարկել: Սակայն, հաւատալու պատճառ կայ, որ անոր գլխաւոր բաժնետէրը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն է:
«Փոխադրութիւնը հետեւեալ ծրագիրով իրականացաւ. օդանաւը նախ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւա կ՛իջնէ, ուր «ապրանքը» կը բեռցուի: Ապա կ՛ուղղուի Թել Աւիւ՝ Իսրայէլ, ուր քանի մը ժամ սպասելէ ետք, նոր վաւերագիրով կ՛ուղղուի Պաքու: Այնտեղ «ապրանքը» իջեցնելէ ետք կրկին Սլովաքիա կ՛ուղղուի: Սեպտեմբեր 2017-էն յունիս 2018, օդանաւը 66 այսպիսի թռիչքներ կատարեց՝ Պրաթիսլաւա-Թել Աւիւ-Պաքու:
«Սակայն, Եւրոպայի մէջ, զէնքի վաճառականը չէր կրցած ստանալ այսպէս կոչուած «Պաշտպանական արտադրանքի վերջնական օգտագործողի վկայագիրը», որ անհրաժեշտ է, Ատրպէյճանին ռազմական զինատեսակ վաճառելու համար: Ուրեմն այստեղ զեղծարարութիւն կայ. զինամթերքը Ատրպէյճան հասաւ երրորդ երկրի՝ Իսրայէլի միջոցաւ: Ըստ օրէնքին, այսպիսի վկայագրեր կը ստորագրուի (զէնք վաճառող երկրի*) արտաքին գործոց նախարարին կողմէ, այս պարագային Միրոսլաւ Լայչաքի կողմէ: Ան վկայագիրները ստորագրեց Իսրայէլեան Էլպիթ ընկերութեան համար, իբրեւ վերջնական օգտագործող կողմ, որ իրականութեան մէջ ան միայն միջնորդի դեր կը կատարէր:
«Առանձնայատուկ դառնութիւնը՝ ցաւալի հեգնանքը այն է, որ գործառնութիւնը հաստատուած է ա՛յն անձին կողմէ, որ անմիջականօրէն պատասխանատուն է եւրոպական պետութիւններուն կողմէ տագնապահար եւ սառեցուած հակամարտութիւններու կողմերուն զէնք չվաճառելու:
«Այլ խօսքով, Լայչաքը, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, յստակօրէն պէտք չէր արտօնէր Սլովաք Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին (այսինքն՝ ինքզինքին) այս ապօրինի գործողութեան մասնակցելու: Աւելի՛ն ԵԱՀԿ-ի նախագահը յայտնաբերելէ ետք նախարարին այսպիսի ապօրինի գործառնութիւնը, պէտք է արդարադատութեան յանձնէր այսպիսի նախարար մը (այսինքն ինքզինքը) եւ յանցաւոր երկիրը (Սլովաքիան*) շրջափակում-արգելքը խախտելուն համար:
«Գրիգորեան նշեց, որ այս մէկը միջազգային գայթակղութիւն մըն է, եւ հետաքրքրուած է տեսնելու՝ դատախազութեան, դատարանին եւ վարչապետ Մաթովիչի հակազդեցութիւնը, որ երկար ժամանակէ փտածութեան դէմ պայքարողի կերպար ստացած է, հակադրուելով Սմեր կուսակցութեան, որուն ականաւոր դէմքերէն է Լայչաք:
«Արդեօք Մաթովիչ հնարաւորութիւն պիտի տա՞յ գործին համապատասխան լռջութիւն հաղորդելու, իբրեւ միջազգային, կամ՝ ամենայնդէպս, համաեւրոպական մակարդակի գայթակղութիւն»:
Առանց մեկնաբանութեան կարիքի՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 փետրուար 2020-ին ընդունեց Սլովաքիոյ արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարար Միրոսլաւ Լայչաքը: Հեգնօրէն՝ «Վարչապետը (Փաշինեան) երախտագիտութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին մէջ Սլովաքիոյ հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար»: Իսկ (Լայչաք) «Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` Սլովաքիոյ արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարարը նշեց, որ Սլովաքիան լիովին կը սատարէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ խաղաղ լուծման ջանքերուն»…(7):
Երկրորդ հեգնանքը 19 սեպտեմբեր 1919-ին Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն բանալու որոշումն էր: 1. Իր կարգին, ցեղասպանութիւն տեսած հրեայ ժողովուրդին այժմու հայրենիքը Իսրայէլ, քանիցս կը մերժէ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ
1. Զէնքեր կը մատակարարէ թշնամի Ատրպէյճանին, ներառեալ ԼԱՌ-160 տիպի արգիլուած՝ տարանջատուող բեկորային ռումբեր, որոնք գործածուեցան թշնամիին կողմէ Ապրիլեան պատերազմին՝ 2016-ին. «Այս ժապաւէնով ականները այստեղ են հասնում իսրայէլեան ԼԱՌ-160 («Կրատ»-ի համարժէք) հրթիռներով, իւրաքանչիւր հրթիռ 104 նման ական է բերում… Սա պայթուցիկ բեկորային հրթիռ է, տեղեկութիւն ունենք, որ Մարտակերտի ուղղութեամբ մի քանի հարիւր նման հրթիռ են կրակել» (8) տես նաեւ «Ապրիլեան Պատերազմին Իսրայէլեան Գործօնը» (9):
2. Լէյզըրով ուղորդուող իսրայէլեան հակահրասայլային հրթիռներ,
3. Անօդաչու ռմբաձիգ թռչող սարքեր, որոնք իսրայէլացի վաճառող մասնագէտին իսկ ձեռքով փորձարկուեցան Արցախի դէմ: Եւ անշուշտ այլոց զէնքերու վերոնշեալ մաքսանենգութիւնը դէպի Ատրպէյճան:
Աշխարհի եւ միջազգային կանոններուն չհետեւող եւ զանոնք արհամարհող ու ոտնակոխող, Լիբանանի օդային եւ ծովային տարածքը առօրեայ կերպով բռնաբարող, ՄԱԿ-ի տասնեակներով որոշումները չգործադրող այս երկրին մէջ մի՛այն երկու պայմաններով կ՛արժէ դեսպանութիւն բանալ. Առաջինը՝ եթէ ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ երկրորդը՝ եթէ չժխտէ, եւ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
13 Յուլիս 2020
* Լուսաբանութիւնները իմս:
(1) https://regnum.ru/news/polit/3002777
(2) http://lousavor-avedis.org/?p=30615
(3) https://en.wikipedia.org/wiki/Miroslav_Laj%C4%8D%C3%A1k
(4) https://svet.sme.sk/c/20805723/slovensko-zbrane-pasovanie-ceska-televizia.html
(5) http://www.aztagdaily.com/archives/398926
(6) https://en.wikipedia.org/wiki/List_of_diplomatic_missions_of_Armenia
(7) http://www.aztagdaily.com/archives/465946
(8) http://razm.info/84503#more-84503
(9) http://www.aztagdaily.com/archives/302753
(10) https://www.azatutyun.am/a/30173101.html
aztagdaily.com/archives/477808