Հայաստանի աշխարհառազմավարական դիրքին ամրապնդումը

29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

­Ար­ցա­խի ճա­կա­տէն ստա­ցո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան լու­րե­րը կը մթագ­նեն տա­րե­վեր­ջը։ Ի­րա­վի­ճա­կը ծայր աս­տի­ճան լարուած է։ Իսկ ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը, ճա­կա­տին գտնո­ւող տղա­քը, բա­նա­կը, կը պա­տե­րազ­մին, կը դի­մադ­րեն։ Կան եր­կուս­տեք զո­հեր։ Ե­րի­տա­սարդ­ներ։ Մինս­քի Խմ­բա­կին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած Սարգ­սեան-Ա­լիեւ հան­դի­պու­մը խա­ղա­ղու­թեան ուղ­ղու­թեամբ ոչ մէկ յա­ռաջ­խա­ղացք ար­ձա­նագ­րեց։

Ռու­սաս­տան-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վատ­թա­րա­ցու­մը ի­րա­վի­ճա­կը ա­ւե­լի սրեց Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ Ռու­սաս­տան իր ռազ­մա­կան օ­դու­ժը զօ­րա­ցուց։ Այս անս­պա­սե­լի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն լոյ­սին տակ, Սերժ Սարգ­սեան շատ յատ­կան­շա­կան ու դի­պուկ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Մոս­կո­ւա­յի մէջ կա­յա­ցած Հ.Ա.Պ.Կ.ի Հա­ւա­քա­կան Ապա­հո­վու­թեան Խոր­հուր­դի նստաշր­ջա­նին, ո­րուն նա­խա­գա­հու­թիւ­նը կը ստանձ­նէր Հա­յաս­տան։ Թուր­քիոյ կող­մէ ռու­սա­կան ՍՈՒ-24 ռազ­մա­կան օ­դա­նա­ւին կոր­ծա­նու­մը յի­շե­լով՝ ան զու­գա­հեռ մը գծեց ՕԹԱ­Նի կող­մէ Թուր­քիոյ տրո­ւած նե­ցու­կին հետ, նոյ­նիսկ ընդգ­ծեց այս պա­րա­գա­յին Յու­նաս­տա­նի ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը, որ ցոյց տո­ւաւ ակն­յայ­տօ­րէն «մէ­կը բո­լո­րին եւ բո­լո­րը՝ մէ­կուն հա­մար» սկզբուն­քը, նման կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ իբր ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան պար­տա­դիր պայ­ման։ Առ այդ, պա­հան­ջեց Հ.Ա.Պ.Կ.ի ան­դամ­նե­րէն նոյն վե­րա­բե­րու­մը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Հա­յաս­տա­նի վրայ յար­ձակ­ման պա­րա­գա­յին։ Ա­ւե­լի հե­ռու եր­թա­լով՝ ան պնդեց.- «Ա­մէն ան­գամ, երբ Ադրբե­ջա­նի Զի­նո­ւած Ու­ժե­րը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ կի­րա­ռում են աւ­տո­մատ­ներ, ա­կա­նա­նետ­ներ եւ հրե­տա­նա­յին սար­քա­ւո­րում­ներ, նրանք կրա­կում են Աս­տա­նա­յի, Դու­շան­բէի եւ Բիշ­կե­կի, Մոսկուա­յի եւ Մինս­քի ուղ­ղու­թեամբ»։

Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը կը յանդգ­նի նման սուր լե­զու գոր­ծա­ծե­լու իր դաշ­նա­կից­նե­րուն առ­ջեւ, յատ­կա­պէս Մոս­կո­ւա­յի։ Այս դիր­քո­րո­շու­մը ցոյց կու տայ Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան հզօ­րա­ցու­մը՝ Ռու­սաս­տան-­Թուր­քիա լա­րու­մին պատ­ճա­ռով։ Հա­յաս­տան որ­պէս Ռու­սաս­տա­նի պաշտ­պա­նեա­լի եւ իր հո­ղին վրայ ռու­սա­կան զի­նուժ պատս­պա­րող դաշ­նա­կի­ցի, նաեւ՝ որ­պէս Թուր­քիոյ հետ շփման սահ­ման­գի­ծի տէր եր­կի­րի, ան յատ­կա­պէս Ռու­սաս­տա­նէն կը պա­հան­ջէ իր տո­ւած նե­ցու­կին գի­նը։ Խօս­քով պա­հան­ջե­լը մէկ բան է, միւս կող­մէ լսե­լի դառ­նա­լը եւ գոր­ծադ­րել տա­լը՝ ու­րիշ բան։

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը ցոյց պի­տի տան, թէ այս պա­րա­գա­յին խօս­քը ու­նե­ցա՞ւ վճռո­րոշ հե­տե­ւան­ք։

Ժ.Չ. – «­Նոր Յա­ռաջ»
http://azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail