Հայաստանի Մէջ «Սու-30CM» Ռազմական Օդանաւերը Մարտական Հերթապահութիւն Կ՛իրականացնեն
15 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
«Սու-30CM» գերժամանակակից ռազմական օդանաւերը մարտական հերթապահութիւն կ՛իրականացնեն: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` հրապարակելով տեսանիւթ:
««Սու-30 CM»-երը դուրս եկած են մարտական հերթապահութեան` ապահովելու ՀՀ օդային սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը»,-նշած է Փաշինեան:
ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուցած է, որ Սու-30 CM գերժամանակակից օդանաւերու մարտական հերթապահութիւնը պիտի կրէ մշտական բնոյթ:
yerakouyn.com/2020/07/15/հայաստանի-մէջ-սու-30cm-ռազմական-օդանաւ/