Մոնթէ Մելքոնեանի Կիբեռ Բանակը Կոտրած է Ատրպէյճանի Ռազմածովային Ուժերու Գաղտնի Տուեալները
15 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Մոնթէ Մելքոնեանի կիբետ (cyber) բանակը կոտրած է Ատրպէյճանի ռազմածովային ուժերու գաղտնի տուեալները պարունակող հարթակը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` կայքահէնններու խումբի «Ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջը կը յայտնէ, որ գործողութեան արդիւնքով իրենց ձեռքը ինկած են ռազմածովային ուժերու գաղտնի տուեալներուն մէկ մասը, ուր կան ռազմածովային մարտիկներու, նաւապետներու, նաւաստիներու, ճարպատապետներու եւ այլ անձերու տուեալներ՝ կապուած Ատրպէյճանի ծովային կառոյցին հետ:
«Մենք կը հետեւինք իրավիճակին: Մեր եղբայրները առաջին գիծի վրայ են, իսկ մենք թիկունքը եւ Ձեր մէջ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Տեղեկատուական անվտանգութեան հարցերով փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան «Ֆէեյսպուք»-ի իր էջին վրայ յայտնած է, որ հայկական կայքահէններու խումբերէն մէկը կոտրած է Ատրպէյճանի մօտ երկու հազար տնային տնտեսութիւններու եւ գրասենեակներու WiFi սարքերը, փոխած անոնց վրայի DNS կարգաւորումները, որուն հետեւանքով տուեալ կապէն օգտուողները տարբեր կայքեր այցելելու ժամանակ, օրինակ «ֆէյսպուք» կամ Հէյդար Ալիեւի անուան գրադարանի կայքը, կը յայտնուէին էջ մը, ուր պատկերուած է ՀՀ դրօշը եւ գրուած է. «Եթէ դուք չդադրեցնէք ձեր գրոհը մեր տարածքներուն վրայ, ես պիտի անջատեմ ձեր ամբողջ համացանցի հասանելիութիւնը»:
yerakouyn.com/2020/07/15/մոնթէ-մելքոնեանի-կիբեռ-բանակը-կոտրած/