Ատրպէյճանը Սպառնալիք Է Տարածաշրջանային Անվտանգութեան Համար. ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
15 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական զինուած ուժերու՝ Յուլիս 12-էն ի վեր նախաձեռնած եւ դեռ շարունակուող ռազմական սադրանքը, ներթափանցման փորձերը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզին մէջ ծանր հրետանիի գործադրումը: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրավիճակը սրելու եւ հրադադարը խախտելու իրենց յարձակողական քաղաքականութիւնը՝ հակառակ համաճարակին եւ անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի՝ 90 օրով համընդհանուր հրադադար հաստատելու մասին ընդունած որոշման:
Այս տարուան Մայիսին, Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մօտ լայնածաւալ զօրավարժութիւններէն, Բերքաբեր գիւղի հրետակոծութենէն ետք, Ատրպէյճանը այժմ նոյնպէս կը խախտէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ օգտուելով COVID-19-ի պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն: Դատապարտելի է նաեւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որ, փաստերը խեղաթիւրելով, հրապարակայնօրէն իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական բանակի սադրիչ գործողութիւններուն: Թրքական եւ ատրպէյճանական իշխանութիւնները երկար տարիներ կը համագործակցին՝ Հայաստանը աշխարհաքաղաքականօրէն եւ տնտեսապէս մեկուսացնելու համար: Ցաւօք, թրքական իշխանութիւնները ոչ միայն կը շարունակեն ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կը հրաժարին անցեալէն դասեր քաղելէ, այլ նաեւ աշխուժօրէն կը քաջալերեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ֆիզիքական անվտանգութեան սպառնացող ռազմական յարձակումը:
Իբրեւ եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւն՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը կոչ կ՝ընէ Եւրոպական միութեան, ԵՄ հաստատութիւններուն եւ անդամ-երկիրներուն՝ խստօրէն դատապարտելու ատելութեան խօսքի տարածման եւ Արցախեան հակամարտութեան ռազմական լուծում պարտադրելու ցանկացած փորձ: Անցեալ ամիսներուն ընթացքին ատրպէյճանական իշխանութիւնները եւ լրատուամիջոցները շարունակաբար կ՝աղաւաղէին եւ կը շահարկէին Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերուն բովանդակութիւնը՝ այդպիսով փորձելով հող նախապատրաստել ռազմական յարձակման համար: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը բազմիցս յայտարարած է Արցախեան հակամարտութեան ռազմական լուծման հնարաւորութեան մասին: Հայատեացութեան քաջալերումը արդէն տասնամեակներ շարունակ Ատրպէյճանի մէջ պետական քաղաքականութիւն եւ երկրի ներքին խնդիրներէն շեղելու միջոց է:
Մեկնաբանելով իրավիճակը՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան կ՝ըսէ,- «Ինչպէս ամբողջ աշխարհը՝ Հայաստանը կը պայքարի համավարակին դէմ: Բացի այդ՝ այժմ ան ստիպուած է նաեւ կասեցնել ատրպէյճանական ռազմական յարձակումը: Ցաւօք, այսօր Ատրպէյճանը սպառնալիք է տարածաշրջանային անվտանգութեան համար: Եթէ ԵՄ-ն կը կամենայ իր հարեւանութեան երկիրներուն մէջ խաղարարարի դեր կատարել, ուստի ան պէտք է ատելութեան խօսքի դէմ յստակ միջոցներ ձեռնարկէ, այն է՝ յստակօրէն նշէ, որ Ատրպէյճանն է յարձակողը: ԵՄ-ն պէտք է նաեւ Թուրքիան ենթարկէ պատժամիջոցներու՝ այլատեացութեան քարոզի եւ Հայաստանի՝ ինքնիշխան պետութիւն եւ ԵՄ գործընկեր երկրի դէմ ռազմական յարձակման սատարելու համար»:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ
yerakouyn.com/2020/07/15/ատրպէյճանը-սպառնալիք-է-տարածաշրջանա/