Լիպիոյ Խորհրդարան – Եգիպտոս Թրքական Ներխուժումը Դիմակայելու Համար Միջամտելու Իրաւունքը Ունի
15 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Լիպիոյ խորհրդարանը յայտարարեց, որ կ՛ողջունէ «թուրք բռնագրաւողը» պարտութեան մատնելու Լիպիոյ եւ Եգիպտոսի ջանքերուն մէկտեղումը` աւելցնելով, որ եգիպտական զինեալ ուժերը իրաւունք ունին երկու երկիրներուն հասարակաց ազգային անվտանգութեան պահպանման համար միջամտելու:
Լիպիոյ խորհրդարանը երէկ առտու հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ եգիպտական բանակը իրաւունք ունի Լիպիոյ մէջ միջամտելու, եթէ երկու երկիրներուն ազգային անվտանգութեան սպառնացող վտանգ մը նկատէ:
Խորհրդարանը յայտնեց, որ Լիպիան բացայայտ թրքական միջամտութեան եւ գերիշխանութեան ոտնահարման կ՛ենթարկուի` երկրին արեւմուտքին մէջ գործող միլիսներուն օրհնութեամբ:
aztagdaily.com/archives/477914