Պատասխանելով Եւրոպական Միութեան` «Ս. Սոֆիան Թուրքիոյ Սեփականութիւնն Է» Կ՛ըսէ Աքսոյ

Constantinople - Sainte-Sophia

Պատասխանելով Եւրոպական Միութեան` «Ս. Սոֆիան Թուրքիոյ Սեփականութիւնն Է» Կ՛ըսէ Աքսոյ

15 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարի կարգավիճակի փոփոխութեան որոշումը Թուրքիոյ գերիշխան իրաւունքն է, եւ ոչ ոք կրնայ այդ հարցին միջամտել: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ` պատասխանելով Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի յայտարարութեան:

Պորել յայտնած էր, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երկուշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ գումարուած նիստի ընթացքին միաձայնութեամբ որոշած են Թուրքիոյ կոչ ուղղել` ջնջելու Ս. Սոֆիա տաճարին մէջ նամազներ կատարելու մասին որոշումը:

«Անգամ մը եւս կ՛ընդգծենք, որ Ս. Սոֆիան Թուրքիոյ սեփականութիւնն է, եւ անոր վերաբերեալ որեւէ նախագիծ, ներառեալ` կարգավիճակի փոփոխութիւնը, կը վերաբերի հանրապետութեան գերիշխանութեան», կը նշուի Աքսոյի յայտարարութեան մէջ:

Անոր համաձայն, իր նոր կարգավիճակին շնորհիւ Ս. Սոֆիայի դռները բաց պիտի ըլլան բոլոր կրօններու ներկայացուցիչներուն համար:

«Բոլոր ուզողները կրնան այցելել այդ հրաշալի վայրը: Բացի ատկէ, Ս. Սոֆիայի մէջ աշխատանքները պիտի չվնասեն համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ պահպանուելու չափանիշներուն», նշած է Աքսոյ:

Constantinople – Sainte-Sophia

www.aztagdaily.com/archives/477917

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail