Ս. Սոֆիայի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնները Թուրքիոյ Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւն Նկատելով. Չաւուշօղլու. «Սերթն Ու Ժուֆրան Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան Պէտք Է Յանձնուին, Այլապէս…»
15 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց, որ իր երկիրը «կը մերժէ Այա Սոֆիա մզկիթին վերաբերող բոլոր յայտարարութիւնները, զորս կը նկատէ Թուրքիոյ գերիշխանական իրաւունքներուն միջամտութիւն մը»:
«Թուրքիան ՄԱԿ-ի մշակութային մարմինը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն տեղեակ պիտի պահէ այն քայլերուն, որոնք հետագային Պոլսոյ մէջ Այա Սոֆիայի հարցով պիտի որդեգրուին», նշեց ան:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց.«Հարկ է Սերթն ու Ժուֆրան յանձնել Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան, այլապէս զինուորական գործողութիւն մը կրնայ շղթայազերծուիլ: Ատիկա զինադադարի հաստատման ու քաղաքական բանակցութիւններու սկսման հիմնական պայման է»:
«Սերթէն եւ Ժուֆրայէն Հաֆթարի հեռանալը Թրիփոլիի համար զինադադարի հաստատման պայման է», ըսաւ Չաւուշօղլու` աւելցնելով. «Ֆրանսան Լիպիոյ մէջ Հաֆթարի պարտութենէն ետք սկսաւ ջղագրգիռ կերպով վարուիլ»:
«Պէտք է վարձկանները հեռացնել Լիպիայէն, իսկ Թուրքիան միլիոնաւոր անիրաւուածներուն յոյսը դարձաւ», նշեց ան` աւելցնելով. «Լիպիոյ մէջ հիմա զինադադար յայտարարելը ի շահ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան պիտի չըլլայ»:
«Թուրքիոյ արեւելեան Միջերկրականի եւ այդտեղ կազի ու քարիւղի պեղման վերաբերեալ քաղաքականութիւնը հաստատ է եւ յայտարարուած, նոյնպէս եւ Լիպիոյ նկատմամբ մեր քաղաքականութիւնը` հիմնուելով մեր միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւններուն վրայ», ըսաւ Չաւուշօղլու:
«Յունաստան ու Կիպրոս հրապարակեցին Միջերկրականի մէջ ծովային սահմաններու քարտէս մը, սակայն անիկա Միջերկրական ծովուն մէջ մեզի որեւէ բան չձգեց, եւ որեւէ պարագային զայն կարելի չէ ընդունիլ», ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
aztagdaily.com/archives/477782