Րաֆֆի Տուտագլեան – ՕՐԷ ՕՐ ԱՒԵԼԻ ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՕՐԷ ՕՐ ԱՒԵԼԻ ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
16 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
2016-ի ապրիլեան պատերազմին, ադրբեջանական անօդաչու սարքերը (ԱԹՍ), մեծ վնասներ պատճառեցին հայկական դիրքերուն եւ զինուորներուն։ Ցաւօք, այդ օրերուն, մեծաւ մասամբ իսրայէլական արտադրութեան ԱԹՍ-ներու հարուածներուն պատճառով ունեցանք զոհեր թէ՛ շարքային զինուորներու, թէ՛ հրամանատարական կազմի եւ թէ կամաւորներու շարքերէն։
Իսկ անցնող 3 օրերուն, Տաւուշի կռիւներուն, հայկական Զինուած Ուժերու հակաօդային պաշտպանութիւնը ոչնչացուց 13 ԱԹՍ, որոնց շարքին իսրայէլեան Hermes 900 գերժամանակակից՝ հետախուզական եւ այլ ռազմական նպատակներու համար օգտագործուող ԱԹՍ-ն։
Անցնող օրերուն, Յուլիս 13-ին, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի Զինուած Ուժերը օգտագործեցին տեղական արտադրութեան հարուածային ԱԹՍ-ներ, որոնցմէ մէկը ոչնչացուց ադրբեջանական բանակի հրամանատարական կեդրոն մը (command center), ուր սպաննուեցան բարձրաստիճան զինուորականներ։
Հայոց բանակը ամէն օր աւելի կը հզօրանայ։ Հայոց բանակի հետ, կը հզօրանայ նաեւ Հայաստանը։ Մենք, ի հեճուկս բամբասողմերու, ֆէյք նիուզ տարածողներու, Հայաստանի պետութեան աբոքալիփսը նախատեսողներու, եւ ի հեճուկս բազմաթիւ ու բազմատեսակ մեդիա գրոհներու եւ տեղեկատուական տեռորին, մենք, այո՛, ուզէք կամ չուզէք, պիտի ուենանք աւելի ուժեղ, աւելի զարգացած, աւելի պաշտպանուած եւ աւելի յառաջադէմ՝ ՀԶՕՐ Հայաստան։
Սա պարզապէս մեր ճակատագիրն է։ Մեր ժողովուրդի ընտրութիւնը։ Մեր պարտականութիւնը եւ մեր իրաւունքը։
Րաֆֆի Տուտագլեան