Մեծ Բրիտանիոյ Մէջ Ատրպէյճանցիները Յարձակած Են ՀՀ Դեսպանատան Վրայ․ Հայ Համայնքը Կը Դիմակայէ (տեսանիւթ)

Azerbaijanis Attack on Armenian Embassy in Great Britain

Մեծ Բրիտանիոյ Մէջ Ատրպէյճանցիները Յարձակած Են ՀՀ Դեսպանատան Վրայ․ Հայ Համայնքը Կը Դիմակայէ (տեսանիւթ)

18 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

Լոնտոնի Քենիկսթընի շրջանին մէջ գտնուող՝ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան վրայ յարձակած են ատրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչները։ Այս մասին Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Լոնտոնի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Անէթ Մոսկոֆեան։

Ան տեղեկացուցած է, որ ոստիկանութիւնը չէ կրցած իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահել եւ ատրպէյճանցիներուն ստիպուած եղած են դիմակայել հայ համայնքի ներկայացուցիչները։

Ատրպէյճանցի ցուցարարերը հաւաքուած են ՀՀ դեսպանատան առջեւ։ Նախ՝ ոստիկաններուն թիւը եղած է շատ փոքր, եւ ատրպէյճանցիները յարձակողական պահուածքն դրսեւորած են հայերուն նկատմամբ, փորձած են ծեծկռտուք սադրել։ Հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն պահանջով՝ ոստիկաններուն թիւը աւելցած է եւ կրցած են սանձել ատրպէյճանցի ամբոխը։

Azerbaijanis Attack on Armenian Embassy in Great Britain

Տեսանիւթը տրամադրած է Լոնտոնի ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը․

yerakouyn.com/2020/07/17/մեծ-բրիտանիոյ-մէջ-ատրպէյճանցիները-յա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail