Ատրպէյճան Չի Կրնար Կոտրել Մեր Ժողովուրդի Վճռականութիւնն ու Միակողմանի Զիջումներ Պարտադրել. Նիկոլ Փաշինեան
17 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Մինսկի մէջ տեղի ունեցող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին ըսած է, որ Ատրպէյճանը անտեսած է «Քորոնա» համաճարակի պայմաններուն մէջ զինուած հակամարտութիւններու դադրեցման մասին բազմաթիւ կոչերը եւ ռազմական գործողութիւններ ձեռնարկած է Հայաստանի դէմ:
«Հայաստանի զինուած ուժերը չէին կրնար անարձագանգ ձգել Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները: Դժբախտաբար, սադրանքները կը շարունակուին մինչ օրս` նպաստելով լարուածութեան պահպանման ու իրավիճակի անկանխատեսելի զարգացման:
Ատրպէյճանի թշնամական քաղաքականութիւնը` ուղղուած տարածաշրջանին մէջ ռազմական լարուածութեան, որեւէ տեղ չի տանիր: Ան չի կրնար կոտրել մեր վճռականութիւնը, ստիպել անհիմն ու միակողմանի զիջումներու երթալ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ: Խնդրի ուժային լուծում գոյութիւն չունի, խաղաղ բանակցութիւններուն այլընտրանք չկայ»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
yerakouyn.com/2020/07/17/ատրպէյճան-չի-կրնար-կոտրել-մեր-ժողովու/