29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առթիւ, Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի նահատակ աշխատակիցներէն Ռուբէն Զարդարեանի յօդուածներու ժողովածոն հրատարակուեցաւ՝ որպէս երրորդ հատորը թերթին «100ամեակ»ի մատենաշարին, Քասիմի ու Երուխանի հատորներէն ետք։
Հ.Յ.Դ. կուսակցական ու հասարակական գործիչ, մանկավարժ ու արձակագիր՝ Ռուբէն Զարդարեան «Ժամանակ»ի հիմնադրութեան առաջին ամիսներուն -Հոկտեմբեր 1908էն մինչեւ Մարտ 1909 -, կարճ շրջան մը, իր առաջնորդող յօդուածներով աշխատակցած է թերթին՝ դառնալով անոր աւելի քան 100ամեայ երթին պատուական անուններէն մէկը։
Զարդարեանի հրապարակագրական յօդուածներու հաւաքածոն (200 էջ) լոյս տեսած է աշխատասիրութեամբ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի, որ պատրաստած է նաեւ հատորին ծանօթագրական հարուստ բաժինն ու յատուկ անուններու ցանկը։ Յառաջաբանը գրի առած է պատմաբան Վահէ Թաշճեան – Պերլինէն։ Կողքը, որ կը պատկերէ 1908ին սահմանադրութեան վերահռչակման առթիւ հայերու կողմէ Իզմիրի մէջ կատարուած խանդավառ ցոյց մը, պատրաստած է տաղանդաւոր արուեստագէտ Արէտ Կըճըր։
Ո ՞վ է Ռուբէն Զարդարեան
Արեւմտահայ գրականութեան կոթողներէն մէկը, գրագէտ, հրապարակագիր, դաստիարակ, հանրային եւ դաշնակցական ականաւոր գործիչ՝ Ռուբէն Զարդարեան ծնած է 1874ին, Սեւերեկի մէջ։ Հազիւ երկու տարեկան՝ ընտանեօք կը փոխադրուի Խարբերդ, ուր ալ կ՚անցընի իր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները եւ երիտասարդութեան առաջին շրջանը։
Զարդարեան իր կրթութիւնը կը ստանայ Խարբերդի ազգային դպրոցին մէջ, ապա՝ ամերիկեան հաստատութենէ ներս եւ ի վերջոյ Թլկատինցիի վարժարանին մէջ, ուր ալ կը ձեւաւորուի անոր մտաւոր-բարոյական նկարագիրը։ Թլկատինցիի ազդեցութիւնը հետագային պիտի արտայայտուէր նաեւ իր գրականութեան մէջ։
Դպրոցական շրջանին արդէն պատանի Զարդարեանի մէջ կը նկատուի հակում ու սէր գրականութեան եւ գիտութեան նկատմամբ։ Ինքնամփոփ, իր խոհերով տարուած անձ մըն էր ան, գիծ մը, որ անբաժան մնաց իր բնաւորութենէն ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Զարդարեան իր ամբողջ ոյժն ու ժամանակը կը յատկացնէր ինքնազարգացման։ Եւ երբ 1892ին, լրացուց իր ուսման ընթացքը եւ մտաւ ուսուցչական ասպարէզ, շուտով աչքի ինկաւ իբրեւ հմուտ ու սիրուած դաստիարակ եւ բանիմաց ու լուրջ հանրային գործիչ։
1897-1903 թուականներուն Զարդարեան վարեց Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը՝ իրեն գործակից ունենալով կարող ու նուիրուած ուսուցիչներու խումբ մը։ Կը դասաւանդէր հայերէն ու ֆրանսերէն, պատմութիւն եւ գրականութիւն։ Այս 5-6 տարիներու ընթացքին իր ձեռքի տակէն ելան մտաւոր լայն պաշարով օժտեալ գաղափարական երիտասարդներ, որոնք իբրեւ ուսուցիչ, գրագէտ կամ հանրային գործիչ արդիւնաւոր դեր կատարեցին ո՛չ միայն Խարբերդի ու շրջակայքին մէջ, այլեւ ընդհանուր ազգային կեանքէ ներս։
Սակայն միայն կրթական-դաստիարակչական աշխատանքով չէր սահմանափակուեր Զարդարեանի աշխատանքը։ Ան եռանդով կը մասնակցէր հասարակական գործերուն եւ աւելի մեծ եռանդով՝ յեղափոխական աշխատանքին։ Անդամ էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ հետզհետէ պիտի դառնար կուսակցութեան խորհրդանշական անուններէն մէկը։ Իր շունչով կը կազմակերպուէին եւ յեղափոխական դաստիարակութիւն կը ստանային երիտասարդները, քաղաքին թէ գիւղերուն մէջ։ Կը կատարէր վարիչ դեր մը շրջանի կուսակցական կեանքին մէջ, յարաբերութիւն կը պահէր դուրսի մարմիններուն հետ եւ կը թղթակցէր «Դրօշակ»ին։
Զարդարեան իր գործունէութեամբ անջնջելի հետք մը թողուց Խարբերդի դաշնակցական կազմակերպութեան, մասնաւորապէս երիտասարդութեան վրայ։ Այդ գործունէութիւնը, բնականաբար, չէր կրնար վրիպիլ կառավարութեան ուշադրութենէն, մանաւանդ որ նախանձողներ ու հակառակորդներ ալ ունէր հայերու մէջ։ Պատահական առիթէ մը օգտուելով, 1903ին, կառավարութիւնը կը ձերբակալէ Զարդարեանը՝ Թլկատինցիի ու քանի մը ուրիշ մտաւորականներու հետ։ Տարի մը բանտին մէջ մնալէ ետք, 1904ին, տեղի կ՚ունենայ դատավարութիւնը եւ Զարդարեան ազատ կ՚արձակուի, բայց այլեւս չի կրնար պաշտօնավարել Խարբերդի մէջ։
Նոյն տարին, 1904ին, Զմիւռնիոյ ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան հրաւէրով՝ Զարդարեան ընտանիքով կը տեղափոխուի Զմիւռնիա, բայց արգելքի հանդիպելով՝ կը ստանձնէ մերձակայ Մանիսայի հայկական վարժարանին տնօրէնութիւնը, ուր սակայն հազիւ տարի մը կրնայ մնալ։ Վրայ կը հասնին 1905ի դէպքերը. սուլթան Համիտի մահափորձի պատրաստութեան զուգընթաց՝ Զմիւռնիոյ մէջ եւս կը կատարուին յեղափոխական աշխատանքներ, որոնց լուրը կը հասնի բռնապետական վարչակարգի ականջը։ Տեղի կ՚ունենան խուզարկութիւններ եւ ձերբակալութիւններ։ Կը խուզարկուի նաեւ Զարդարեանի բնակարանը եւ ան կը բանտարկուի երկու շաբաթ։ Ալ Մանիսայի մէջ մնալն ալ անկարելի էր։ Ընկերներուն պնդումով եւ աջակցութեամբ, Զարդարեան իր ընտանիքին հետ, իբրեւ փախստական, կը մեկնի Պուլկարիա եւ կը հաստատուի Ֆիլիպէ քաղաքը։
Այստեղ Զարդարեանի առջեւ կը բացուի գործունէութեան նոր ասպարէզ մը։ 1906ին կը ձեռնարկէ «Ռազմիկ» եռօրեայ թերթի հրատարակութեան, որ կը դառնայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պալքաններու շրջանի ազդեցիկ պաշտօնաթերթը։ Խմբագրական աշխատանքէն զատ, ազատ ժամանակը Զարդարեան կը յատկացնէ գրականութեան ու Դաշնակցութեան կազմակերպական գործերուն։ Որպէս Պալքաններու ներկայացուցիչ, ան կը մասնակցի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Վիեննայի մէջ կայացած Դ. Ընդհանուր Ժողովին։
Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն յետոյ Զարդարեան կու գայ Պոլիս, ուր կը սկսի իր կեանքի ու գործունէութեան երրորդ շրջանը, որ կ՚ըլլայ այնքան նշանակալից։ Կ՚աշխատակցի «Ժամանակ»ին ու արեւմտահայ մամլոյ այլ օրկաններուն։ 1909ին, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրօն կը հիմնէ «Ազատամարտ»ը, որու մնայուն խմբագրապետը կը դառնայ Ռուբէն Զարդարեան՝ շրջապատուած օգնականներու եւ աշխատակիցներու փայլուն հոյլով մը։ Որպէս խմբագիր եւ հրապարակագիր՝ Զարդարեան ցոյց կու տայ արտասովոր հմտութիւն եւ աշխատունակութիւն։ «Ազատամարտ» իր ղեկավարութեան ներքոյ կը դառնայ արեւմտահայ մամլոյ տարեգրութեան մէջ եզակի երեւոյթ մը։
Խմբագրական զբաղումներէն դուրս, Զարդարեան ժամանակ կը յատկացնէր նաեւ գրականութեան, հանրային ու կուսակցական աշխատանքի։ Կը թղթակցէր Պոստոնի «Հայրենիք»ին, տարիներ շարունակ ուղարկելով շաբաթական տեսութիւններ՝ «Աչք Եհովայի» ծածկանունով։ Կը դասախօսէր Հայրիկեանի Արդի կրթարանին ու Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Անդամ էր Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին։ Գործօն մասնակցութիւն կը բերէր գրական ասուլիսներուն, ազգային, գրական, կուսակցական ձեռնարկներուն։
1914ի ամրան Զարդարեան ալ կը մասնակցի Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կարնոյ Ը. Ընդհանուր Ժողովին՝ լի յոյսերով ու ոգեւորութեամբ։ Բայց ժողովը դեռ չէր վերջացած, երբ կը սկսի համաշխարհային պատերազմը եւ Զարդարեան ընկճուած կը շտապէ վերադառնալ Պոլիս։ Կը սկսին մռայլ օրերը։ Զարդարեան մինչեւ վերջ կը մնայ «Ազատամարտ»ի գլխին՝ անյողդողդ պաշտպանելով հայութեան դատը։ Ապրիլ 24ին ան ալ կ՚աքսորուի հարիւրաւոր ուրիշ մտաւորականներու հետ նախ Այաշ, ապա՝ Քոնիա, վերջը՝ Հալէպ։ Եւ Հալէպէն ետք ոչ մէկ լուր իրմէ. Գերեզման իսկ չունեցաւ, ինչպէս իր բախտակից ընկերները։
Զարդարեան իր պատուաւոր տեղը ունի հայ մամուլի եւ հանրային-յեղափոխական կեանքի պատմութեան մէջ, բայց անհամեմատ աւելի մեծ է իբրեւ գրագէտ։ Գրական հետաքրքրութիւնը իր մէջ զարգացաւ դեռ աշակերտական նստարաններուն վրայ, Թլկատինցիի ազդեցութեան տակ։ 1890ին լոյս տեսաւ իր առաջին գրութիւնը՝ Պոլսոյ «Ծաղիկ»ին մէջ։ 1891-1892ին կ՚աշխատակցէր Գր. Զօհրապի եւ Հր. Ասատուրի «Մասիս»ին, 1895ին՝ Ա. Չօպանեանի «Ծաղիկ»ին։ Ապա՝ «Արեւելեան Մամուլ»ին, «Արեւելք»ին, «Շիրակ»ին, Ն. Ադոնցի «Բանբեր գրականութեան եւ արուեստի» հանդէսին եւլն., ինչպէս նաեւ «Դրօշակ»ին։ «Ռազմիկ» եւ «Շիրակ»ի մէջ կը ստորագրէր՝ Էժտահար։ Զարդարեան հրատարակած է նաեւ դասագրքեր՝ «Մեղրագետ»ներու շարքը եւ թարգմանութիւններ օտար գրականութիւններէ։ Գրած է նաեւ Գէորգ Չաւուշի կենսագրութիւնը՝ Ասլան ծածկանունով, «Դրօշակ»ի մատենաշարին համար։ Սկզբնական շրջանին Զարդարեան կը գրէր առաւելապէս գաւառական պատկերներ, ժողովրդական հեքիաթներ, առօրեայ կեանքէ զանազան նիւթերու մասին յօդուածներ։ Հետզհետէ իր գրական հորիզոնը կ՚ընդլայնի, փիլիսոփայական, բարոյական եւ հայրենասիրական հարցեր կը յափշտակեն իր միտքը եւ կը գրէ անմահ մնալու սահմանուած գրական գոհարներ, ինչպէս՝ «Պահակները արթուն են», «Եօթը երգիչներ», «Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ» եւլն.։
http://azator.gr