Ֆրանսայի Խորհրդարանի Բոլոր Խմբակցութիւններու Ներկայացուցիչները Դատապարտեցին Ատրպէյճանի Սադրանքը

Des représentants de toutes les factions au Parlement français condamnent la provocation de l'Azerbaïdjan

Ֆրանսայի Խորհրդարանի Բոլոր Խմբակցութիւններու Ներկայացուցիչները Դատապարտեցին Ատրպէյճանի Սադրանքը

17 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսայի խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն սարդանքին իբրեւ արդիւնք յառաջացած լարուածութեան վերաբերող։

Ստորեւ՝ այդ յայտառառութիւնը

«Մենք՝ խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները ներկայացնող ֆրանսացի խորհրդարանականներս, մեր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերսկսած թշնամական գործողութիւններուն գծով: Երկու երկիրներու հիւսիսային սահմաններուն վրայ 13 Յուլիսէն սկսած փոխադարձ ռմբակոծումները արդէն արժած են մէկ տասնեակ մահեր, ինչ որ արդէն իսկ չափազանց շատ է:

«Սոսկ դատապարտել այս բախումները՝ առանց մեղադրելու անոնց պատասխանատուները, կը նշանակէ ոչինչ ըսել:

«Մենք բոլորս գիտենք, որ բախումներու վերսկսումը ուղղակի հետեւանք է Ատրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւի փափաքած եւ իր վարած լարուածութեան սրման ռազմավարութեան:

«Պատերազմը յարմար սողանցք է՝ խուսափելու միջոց է անոր համար, որ կ՛ուզէ շեղել իր ժողովուրդին ուշադրութիւնը այն ստորնացումներէն, որոնք ի՛նք պարտադրած է՝ հիմնարար ազատութիւններէ զրկում, կաշառակերութիւն, հովանաւորչութիւն եւ թալան:

«Տարիներէ ի վեր բացայայտօրէն յառաջ մղելով հայատեաց դաստիարակութիւնը, ներկայիս, Ատրպէյճանի նախագահին համար շատ յարմար է ուղղորդելու իր ժողովուրդին հիասթափութիւնները՝ նաեւ նաւթի ահագնացած սակի անկման լոյսին տակ, դէպի ժառանգական թշնամի ճշդուած դրացի ժողովուրդը:

«Այս առումով, իրավիճակը աւելի բարդացած է թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, երբ Հայաստան իր տնտեսական յառաջընթացին համար կը հիմնուի իրաւական պետութեան ամրապնդման եւ բարձր արհեստագիտութեան զարգացման վրայ, մինչդեռ Ատրպէյճան կը մսխէ իր վառելանիւթի պաշարները, ինչ որ կը վտանգէ իր կենսոլորտային ապագան: Աւելի՛ն, ուղղակիօրէն Հայաստանի տարածքը թիրախաւորող ատրպէյճանական այս նոր յարձակողականութիւնը ցոյց կու տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղը սոսկ պատճառ է ատրպէյճանական վարչակարգին համար: Հայաստանը ներակայացնելով իբրեւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»՝ Ատրպէյճանի բուն նպատակը տարածաշրջանին մէջ հայկական ներկայութեան ի սպառ վերացումն է, այսպիսով ձգտելով աւարտին հասցնել աւելի քան մէկ դարու ցեղասպանութիւնը:

«Այս առումով, մենք խստօրէն կը դատապարտենք ատրպէյճանական ռազմատենչ քայլերուն Թուրքիոյ ցուցաբերած յանցաւոր աջակցութիւնը: Անընդունելի է, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի անդամ երկիրը, որ կոչուած է նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման եւ տարածաշրջանային համերաշխութեան հաստատման, ընդհակառակը, աւելի եւս կը բարդացնէ իրավիճակը՝ իւղ լեցնելով կրակին վրայ: Թէ՛ Ալիեւի, թէ ալ Էրտողանի քայլերը՝ նպատակ ունենալով կանխել արտաքին ռազմական արկածախնդրութիւններուն իբրեւ արդիւնք ժողովրդականութեան անկումը, կ՛ապակայունացնեն ամբողջ տարածաշրջանը:

«Կիպրոսի եւ Սուրիոյ հիւսիսի ռազմական բռնագրաւումէն, Լիպիոյ մէջ կոպիտ միջամտութենէն ետք, Թուրքիոյ վտանգաւոր ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ նոր վտանգ է տարածաշրջանային խաղաղութեան համար, եւ ըստ այդմ՝ նոր եւ ուղղակի ոտնձգութիւն Ֆրանսայի եւ Եւրոպական միութեան շահերուն դէմ:

«Չհանդուրժելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեան արժէքներու նման կոպիտ ոտնահարումը՝ մենք կոչ կ՛ուղղենք կառավարութեան (ֆրանսական) ձեռնարկել նշեալ իրավիճակէն բխող քաղաքական եւ գործօն միջոցներու:

Ներկայ պարագային, մենք չենք վարանիր ըսելու, որ ընդդէմ Ատրպէյճանի Հայաստանի սատարել կը նշանակէ սատարել ապրելու իրաւունքին»:

Յայտարարութիւնը ստորագրած են.

Պեռնար Ֆորնիէ, ծերակուտական

Տանիէլ Ղազարեան, երեսփոխան

Ֆրանսուա Փուփոնի, երեսփոխան

Ֆրանսուա-Միշէլ Լամպէր, երեսփոխան

Կիյոմ Գասպարեան, երեսփոխան

Կի Թէսիէ, երեսփոխան

Ժան-Միշէլ Միս, երեսփոխան

Ժան-Փիեռ Քիւպէրթաֆոն, երեսփոխան

Միշէլ Ամիէլ, ծերակուտական

Սոնիա Քրիմի, երեսփոխան

Վալերի Պուայէ, երեսփոխան

Des représentants de toutes les factions au Parlement français condamnent la provocation de l’Azerbaïdjan

yerakouyn.com/2020/07/17/ֆրանսայի-խորհրդարանի-բոլոր-խմբակցու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail