Ակնարկ. Սահմանագօտիի Հրահրումով Անգարան Նոր Գործարք Կ՛առաջարկէ Մոսկուային

Ակնարկ. Սահմանագօտիի Հրահրումով Անգարան Նոր Գործարք Կ՛առաջարկէ Մոսկուային

18 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:

«Մէկ ազգ երկու պետութիւն» առաջադրանքին ընդառաջ Պաքուի եւ Անգարայի վարիչներուն կատարած յայտարարութիւններուն մէջ ռազմավարական մօտեցումի առումով առանցքային զուգահեռները ակներեւ են:

Ալիեւի համար ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ անիմաստ բանակցութիւններէն, եւ միջնորդները ատիկա պէտք է հասկնան: «Ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է այս անիմաստ բանակցութիւններէն: Այդ իսկ պատճառով, բոլոր անոնք, որոնք այս օրերուն իրենց միջնորդական առաջարկները կը կատարեն, թող մտածեն այս մասին, ազրպէյճանցի ժողովուրդի համբերութիւնը անսահման չէ»:

Իսկ Թուրքիոյ նախագահը այլ ըսելաձեւերով պարզապէս նոյն բովանդակութիւնը կրկնած է. «Անշուշտ Հայաստանը բռնագրաւող է: Հայաստանի գրաւումը տասնեակ տարիներ կը շարունակէ տեւել: Նախիջեւանը բռնագրաւուած է եւ Մինսքի եռեակը 25-30 տարի է այդ գործը սեղանին վրայ ձգած է»: Թէկուզ տարածքի անուան սխալ օգտագործումով (Արցախի փոխարէն Նախիջեւան), Էրտողանը պարզապէս կրկնած է Ալիեւի միտքը:

Պարզ է, որ Պաքուն եւ Անգարան որոշած են սաստկացնել ճնշումը` հակամարտութեան նոր տարողութիւն հաղորդելու եւ մանաւանդ բանակցային ձեւաչափը փոխելու:

Տաւուշի գործողութիւնները լիարժէք օգտագործելով Անգարան ազդանշան տուած է եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ հակահայ ցոյցեր կազմակերպելու: Որքան ալ որ լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններ չնախատեսուին, այդուհանդերձ քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ պետական սահմանը անհանգիստ եւ լարուած պահելը բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան նպաստող ռազմավարական քայլ է:

Հակամարտութեան աշխարհագրական դիրքերը կը փոխուին այս ձեւով. Ազրպէյճան-Արցախ յարաբերակցութիւնը կը վերածուի Ազրպէյճան-Հայաստանի հանրապետութիւն հակամարտութեան, շփման գիծը կը վերածուի պետական սահմանագօտիի: Իսկ Թուրքիոյ արագ հակազդեցութիւնն ու նման ներգրաւուածութեան չափը, կամ խնդիրը թէժ պահելու քաղաքականութիւնը կը յուշեն հակամարտութեան բանակցային լուծման նոր գործընթացի միտում եւ այդ գործընթացին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան ստանձնում:

Այս եղանակով եռեակը փոխարինելու օրակարգ առաջ կը քշեն Անգարան եւ Պաքուն: Թէ՛ Ալիեւը եւ թէ՛ Էրտողանը կը խօսին փաստօրէն Մինսքի եռեակի սպառման, անարդիւնաւէտութեան եւ հետեւաբար միջնորդական նոր ձեւաչափի կայացման անհրաժեշտութեան մասին:

Ահա այստեղ է, որ Անգարան քաղաքական նոր առեւտուր կ՛առաջարկէ Մոսկուային: Աշխարհաքաղաքական հնչեղութիւն ունեցող հակամարտութեան վերահսկելիութեան դաշտէն դուրս մղել Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան եւ երկկողմ` Մոսկուա-Անգարա նոր պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերել:

Օրակարգը կ՛առնչուի անշուշտ նոր օսմանականութեամբ յատկանշուող Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան յաւակնոտ քայլերուն հետ եւ անմիջականօրէն Լիպիոյ հետ, ուր հակասական տրամագծութեամբ դիրքաւորուած են Մոսկուան եւ Անգարան: Նոր ճակատի հրահրումով ռազմաքաղաքական նոր գործարքի համար շահարկման նիւթեր ստեղծելու քայլն է, որ կ՛առնէ Անգարան:

Հիւսիսարեւելեան սահմանգօտիի թէժացումը կը հետապնդէր ուրեմն հետեւեալ թիրախները.

Ա.- Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութիւնը իրողապէս եւ ապա իրաւական առումով վերածել Ազրպէյճան -Հայաստան հակամարտութեան:

Բ.- Շփման գիծը տեղափոխել պետական սահմանագօտի:

Գ.- Հակամարտութեան նոր գօտի ձեւաւորելով առ ոչինչ կարգավիճակ հաղորդել 1994-հրադադարին, որ կը վերաբերէր հիմնականին մէջ շփման գիծին:

Դ.- Հակամարտութեան նոր տարողութիւն եւ էութիւն հաղորդելով ճնշել միջազգային ընտանիքին վրայ բանակցային նոր ձեւաչափ ճշդելու` սպառած նկատելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի եռեակի առաքելութիւնը:

Ե.- Ազրպէյճան -Հայաստան հակամարտութիւնը թէժացնելով Ռուսիոյ հետ ռազմաքաղաքական նոր գործարքներ առաջարկել:

Ծրագիրը դժուար թէ գործնական դրսեւորում ունենայ: Արցախեան թղթածրարը աշխարհի այն սակաւաթիւ հակամարտութիւններէն է, ուր ներգրաւուած են թէ Միացեալ Նահանգները, թէ՛ Ռուսիան եւ թէ՛ այս պարագային Եւրոպական Միութեան յենասիւներէն Ֆրանսան: Այս ձեւաչափը աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ դժուար թէ Անգարայի խուսանաւումներուն ընդառաջ զիջումներ կատարէ:

«Ա.»

aztagdaily.com/archives/478199

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail